Մայրերու Օրուան Նշում Հայ Աւետ. Կէրթմէնեան Վարժարանին Մէջ
Կազմակերպութեամբ Հայ աւետ. Կէրթմէնեան վարժարանի, 22 մարտին «Արարատ Փալաս» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ` Մայրերու օրուան առիթով: Օրուան հանդիսավար Մարալ Մխսեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, շնորհաւորեց բոլորին մայրերու տօնը` մաղթելով առողջութիւն եւ կեանքի մէջ յաջողութիւն:
Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ Զեփիւռ Ճանպուլեան, որ մեկնաբանեց շարականներու փունջ մը (հայերէն եւ արաբերէն):
Խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին «Շիրազի Գովքը» պարը, նախկին աշակերտուհի Հայկօ Խանճիհանեան ելոյթ ունեցաւ հայկական մենապարով մը, հայրենի արուեստագէտ ջութակահար Հայկ Տէր Յովհաննէսեան ջութակի վրայ նուագեց եղանակներու փունջ մը:
Վարժարանի տնօրէն Սահակ Տէտէեան շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք սատար կը հանդիսանան վարժարանին: Ապա ան յուշանուէր մը յանձնեց Լենա Տագէսեանին` վարժարանի հանդէպ ունեցած անոր ներդրումին համար:

