Գարնան Եւ Զատկուան Նշում «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Վարժարանին Մէջ

Գարնանամուտի եւ Ս. Զատկուան վերանորոգման  եւ ծաղկումի տրամադրութիւններով հաճելի պահ մը մատուցեց  Ազգային «Յառաջ Գ.Կիւլպէնկեան» վարժարանը, երբ զոյգ առիթներով ներկայացաւ ճոխ հանդէսով մը , չորեքշաբթի, 27 մարտ 2013-ին, «Գ.Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ:

Հանդիսութեան ներկայ էին` Աշոտ քհնյ. Գարագաշեան եւ Արսէն քհնյ. Քէշիշեան, ինչպէս նաեւ` Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան վարչութիւնը, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութիւնը, վարժարանի խնամակալութիւնը,   Ծնողական խորհուրդը, ծնողներ եւ վարժարանի բարեկամներ:

Վառ գոյներով եւ ազգագրական տարազներով աշակերտները ներկայացուցին  յաւուր պատշաճի շարականներ եւ ազգագրական պարեր` հետեւեալ ընթացակարգով.

  • Ա-Բ դասարաններ երգ` «Սուրբ Աստուած» «Լորիկ», «Կաքաւիկ», «Թամզարա»:
  • Պար` «Թամզարա», «Ինն ոտք»:
  • Գ-Դ դասարաններ երգ` «Մարմին տէրունական», «Քելէ քելէ»:
  • Պար` «Շորոր», «12 Ոտք վերվերի»
  • Ա-Զ դասարաններ երգ` «Սուրբ-սուրբ», «Ճախըրկու»:
  • Պար` «Չաչանէ», «Նարէ»:
  • Է-Ը դասարաններ պար` «Փափուռի»:
  • Թ-ԺԲ դասարաններու պարախումբ բեմականացում Պարերու շարք` «Գորանի», «Մայրոքէ», «Չաչանէ», «Մշոյ Խըռ», «Չալմը Դանկի», «Եարխուշտա»:

Պարերու միջոցին Բ. դասարանի աշակերտներէն Սեւան Սարգիսեան իր գեղեցիկ ասմունքով հմայեց ներկաները:

Գարնանային եւ Ս. Զատկուան պատգամներով ձեռնարկը վարեցին հաղորդավարներ` Կալի Գալուստեան (Ա. դասարան), Յակոբ Թասլաքեան (Բ. դասարան), Թալին Վարդանեան (Դ. դասարան), Վարանդ Մաճառեան (Ե. դասարան) եւ Նարէ Պաթուզեան (Ը. դասարան):

Ընդհանուր յայտագիրի ներկայացման մէջ ներգրաւուած էին գրեթէ բոլոր կարգերն  ու աշակերտները: Բնականաբար այս մէկը կ՛ենթադրէ ծանր աշխատանք եւ դժուարին համադրութիւններ, զորս լաւապէս մշակուած էին վարժարանի երգի ու պարի դասատու` Սարգիս Պարսամեանի կողմէ:

Հայ եկեղեցւոյ շարական-աղօթքները մէկ կողմէ, միւս կողմէ` գարնանային եւ ազգագրական պարերը, ընդհանուր ներկայացումը վերածեցին տօնախմբութեան:

Պարային վերջին բեմականացումը ներկայացուց նաեւ Մուսա Լերան հերոսամարտը, երբ հերոսամարտի մարտիկներուն առջեւ հայ պատանին ուխտ կատարեց միշտ լերան գագաթին մնալու, իսկ հայ կինը` խրամատներու թիկունքը կանգնելու:

Ապա աշակերտները Սարգիս Պարսամեանին նուիրեցին գեղեցիկ ծաղկեփունջ մը` արտայայտելու համար իրենց երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը անոր կատարած բծախնդիր ու անխոնջ աշխատանքին համար:

Հանդիսութեան աւարտին վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեան, գնահատելէ ետք աշակերտներուն ելոյթը, անդրադարձաւ գարնան ու յարութեան խորհուրդներուն` ըսելով, թէ մենք, երբ պահենք մեր ազգագրական մշակոյթը եւ փոխանցենք զայն եկող սերունդներուն, կատարած կ՛ըլլանք յարութեան ու վերակենդանացման ճշգրիտ աշխատանքը, ուստի մենք այսօր այս ներկայացումով կ՛ապրինք իսկական յարութեան տօնն ու գարունը եւ հայկական գաւառը կը վերակենդանացնենք հայ աշակերտին սրտին մէջ:

Եւ վերջապէս, Ս. Յարութեան տօնին առիթով Արմէն Թաշճեան շնորհաւորեց բոլորին Ս. Զատիկը եւ մաղթեց բարի արձակուրդ:

Share this Article
CATEGORIES