Լիբանանի Թրիաթլոնի Պատուիրակութիւնը Վերադարձաւ Շարմ Շէյխէն

Երէկ` ուրբաթ, 29 մարտին, Շարմ Շէյխէն (Եգիպտոս) Պէյրութ վերադարձաւ Լիբանանի Թրիաթլոնի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք արաբական Թրիաթլոնի առաջին ախոյեանութեան:

Առաջին օրուան նման լիբանանցի մարզիկները շարունակելով իրենց յաղթական ընթացքը տիրացան ընդամէնը 10 մետալի (5 ոսկի, 2 արծաթ եւ 3 պրոնզ):

Մասնակցող երկիրներուն մարզիկներն ու պատասխանատուները մեծ գովասանքով արտայայտուեցան Լիբանանի մարզիկներուն ձեռք ձգած յաջողութիւններուն մասին:

Share this Article
CATEGORIES