Հայրապետեան Մերժեց Ընդունիլ Մինասեանի Հրաժարականը

Իր լուրը քաղելով Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կայքէջէն` PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան չէ ընդունած Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեանի ներկայացուցած հրաժարականը:

Հայաստան – Չեխիա մրցումէն ետք Մինասեան ներկայացուցած էր իր հրաժարականը` նկատի առնելով այն կէտը, որ 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ Հայաստան իր կատարած չորս մրցումին ընթացքին կրած էր երեք պարտութիւն:

Այս գծով երէկ յետմիջօրէին Հայրապետեան տուաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն մէջ ըսաւ. «Ինծի նման ֆետերասիոնին վարչութիւնը եւս անոր տուած այս որոշումը քննելով` մերժեց ընդունիլ անոր հրաժարականը: Մրցումէն ետք ան յուզուած եւ ընկճուած վիճակ մը ունէր, որովհետեւ Հայաստան կրեց իր երրորդ յաջորդական պարտութիւնը: Այդ պարտութիւններուն մէջ Մինասեան մեղաւոր չէ: Եթէ ան լաւ ձեւով աշխատանք չի տանիր, ես կ՛ընդունէի անոր հրաժարականը: Եզրափակելով ըսեմ, որ եթէ հաւաքականը տարբեր պատճառներով լաւ արդիւնքներ ձեռք չի ձգեր, ասոր մէջ յանցաւորը ան չէ»:

Share this Article
CATEGORIES