Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Սաատ Սաֆա Պարուք

Լեռնալիբանանի նահանգի Ե. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ այսօր` շաբաթ, 30 մարտին, Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան Ե. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ պիտի մրցի Սաատ Սաֆա Պարուքի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Պհամտունի դաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 12:30-ին:

Ցարդ իրենց կատարած երեք մրցումներուն ընթացքին ՀՄԸՄ-ի տղաքը արձանագրած են երկու յաղթանակ եւ կրած պարտութիւն մը:

Նշենք, որ Դ. հանգրուանին ՀՄԸՄ մրցում չկատարեց:

Share this Article
CATEGORIES