Չաւեզ, Կամ Ան, Որ Այլընտրանքը Չվարանեցաւ Կոչել «21-րդ Դարու Ընկերվարութիւն»
Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Հայաստանի եւ սփիւռքի մէկ կարեւոր մասին համար քաղաքական մշակոյթին մէջ «փոփիւլիսթ» յղացքը ժխտական հնչեղութիւն ունի: Աջի թէ ձախի մտածողներն ու օրգանական մտաւորականները, քաղաքական ղեկավարներն ու ամէն օր կարծիք յայտնելու առաքելութեան հաւատացող հրապարակագիրները, «փոփիւլիսթ» կը համարեն քաղաքական այն այրերն ու կիները, որոնց ժողովրդականութիւնը հիմնուած է զանգուածները խաբելու, մոլորեցնելու եւ շահագործելու յատուկ կարողութեան մը վրայ: Հայ քաղաքական մտածողութեան վերլուծումը չէ անշուշտ ասիկա: Հարազատ ընդօրինակութիւնն է արեւմտեան մտածողութեան մէջ իր ծննդոցով ժխտականօրէն բանաձեւուած այդ յղացքի հասկացողութեան: Բայց ընդունուած է մեր մօտ, առանց դոյզն քննարկումէ մտաւորական քննադատութենէ անցընելու, այնպէս, ինչպէս եւ ընդհանրապէս փորձած ենք ամենահարազատօրէն ընդօրինակել կամ կապկել, Արեւմուտքի գրեթէ ամէն ինչը…
Մարտ 5, 2013-ին, 58 տարեկան հասակին, քաղցկեղի դէմ երկու տարի պայքարելէ ետք, յաւերժութեան անցած Վենեզուելայի նախագահ Ուկօ Չաւեզ Ֆարիաս չէր նեղուեր, երբ իրեն «փոփիւլիսթ» կը կոչէին: Անարգանք չէր նկատեր յղացքը, ոչ ալ կը խորշէր զանգուածներէն, անոնց ենթադրեալ «անգրագիտութենէն», որ, ի դէպ, «փոփիւլիսթ»-ը ժխտականօրէն բնորոշող մտածողութեան լուռ ենթադրութիւնն է: Չաւեզ լաւ կը հասկնար, որ զանգուածային պոռթկումները տարերային բնոյթ կրնան ունենալ: Բայց հաւատացած էր նաեւ, որ տարերային պոռթկումները ունին ընկերա-տնտեսական կառուցային խոր պատճառներ, որոնց գիտակցութիւնը միայն այդ զանգուածներուն, «խելագար ամբոխներ»-ը` ինչպէս Չարենցը պիտի ըսէր, կը վերածէ քաղաքական գործօնի` յեղափոխութեան դերակատարներու եւ յանձնառու քաղաքացիներու: Բայց այդ մէկը կախում ունի զանգուածները առաջնորդելու նախաձեռնութիւնը առած ղեկավարներու թէ քաղաքական ուժերու հասկացողութեան ու բարոյական յանձնառութեան մակարդակէն: Զանգուածները կրնան խաբուիլ, յուսաբեկուիլ, նոյնիսկ` աւելի քան մէկ անգամ, երբ անատակ ղեկավարութիւն ըլլայ զիրենք առաջնորդողը կամ յստակ չըլլան ծրագիրները: Բայց իրենց «ամբոխային խելագարութեան» երեւոյթին ընկերա-տնտեսական պայմաններու ենթախորքի առկայութեան վերլուծումը հազիւ թէ սխալ ըլլայ:
Չաւեզ «ամբոխներու խելագարութիւնը» տեսաւ առաջին անգամ 1988-ին, երբ հացի գինին բարձրացման պատճառով` Վենեզուելայի մայրաքաղաք Քարաքասի շուրջբոլորը գտնուող աղքատ արուարձաններէն ամբոխը խուժեց սուփըրմարքեթներուն վրայ: Քարիւղին գինը այդ տարի պատմական ցած արժէք արձանագրած էր: Քարիւղի եկամուտերու վրայ հիմնուած բոլոր տնտեսութիւններուն նման, Վենեզուելայի տնտեսութիւնն ալ ծանր վիճակի մէջ կը գտնուէր, եւ ուրեմն պետութիւնը որոշեց դադրեցնել հացի պետական ֆինանսաւորումը, որով եւ հացին` աղքատ դասակարգի փաստօրէն միակ հիմնական սնունդին գինը ահաւոր բարձրացում կրեց` սովահարութեան սպառնալիք ուղղելով հասարակութեան ամէնէն անպաշտպան խաւին: Սոված մարդոց դէմ այն ժամանակ իշխանութեան վրայ գտնուող Քարլոս Անտրես Փերեսի կառավարութիւնը զինուած ուժերը հանեց սոված մարդոց դէմ` մայրաքաղաքին մէջ կարգ ու կանոն հաստատելու համար: Եւ պատահեցաւ անխուսափելին. զինուորները կրակեցին, մարդիկ զոհուեցան, բռնի ճնշում… Միջին դասակարգը, անոնք, որոնք վարժ էին «ջուրի փոխարէն քարիւղ խմելու», ինչպէս կ՛ըսուի Վենեզուելայի մէջ, հանգստացան, կառավարութիւնը շունչ քաշեց, ամէն ինչ վերադարձաւ իր բնականոն հունին եւ այնպէս կը թուէր, թէ սպաննուածները մօտ ատենէն մոռացութեան պիտի մատնուին: Ի վերջոյ ովքե՞ր էին, որ, ընչազուրկեր, անկազմակերպ, առանց քաղաքական ղեկավարութեան, շատերը մինչեւ իսկ առանց ինքնութեան, առանց քաղաքացիութեան… Բայց այն ժամանակ երիտասարդ սպայ Չաւեզն ու իր օգնականները «Քարրաքասօ» կոչուած այդ արիւնոտ դէպքերէն ետք, երկար մտածեցին իրենց ըրածին վրայ, փոխն ի փոխ իշխանութեան հասնող կեդրոն-աջ եւ կեդրոն-ձախ երկու քաղաքական կուսակցութեանց ղեկավարութեանց խոր փտածութեան, բայց մանաւանդ քարիւղի արտահանման եկամուտով յատկանշուած տնտեսական համակարգի մը ծնունդ տուած ահաւոր ընկերային անհաւասարութեան մասին:
1992-ին, Պաղ պատերազմին յաջորդած աշխարհին մէջ ժողովրդավարութիւնը իր վերջնական յաղթանակը կը տօնէր ամբողջատիրութեան վրայ: Լատին Ամերիկայի մէջ զինուորականները արդէն համոզուած էին, որ պետական հարուածներու ճամբով իշխանութեան չէին կրնար հասնիլ, որովհետեւ իրենց «փրկարար» դերին հաւատացող չկար իրենց իսկ ժողովուրդին մէջ, իսկ Փենթակոնը իր հովանաւորութիւնը նման արկածախնդրութիւններու արդէն կը բացառէր: Ահա այդ տարին էր, որ Չաւեզ իր համախոհներուն հետ պետական հարուածի փորձ մը կատարեց: Փորձը ձախողեցաւ, ինք ձերբակալուեցաւ, բայց յանձնուելէ առաջ խնդրեց հինգ վայրկեան` հեռուստացոյցով ելոյթ ունենալու համար: Այդ ելոյթով ան դիմեց Վենեզուելայի ժողովուրդին` վստահեցնելով, որ պետական հարուածի փորձը ժողովրդավարութեան եւ սահմանադրական կարգերու դէմ չէր, այլ` քաղաքական դասի փտածութեան եւ խոստացաւ վերադառնալ:
Վեց տարի յետոյ ան արդէն երեւոյթ էր:
Բանտէն ազատ արձակուած, ձախակողմեան մտաւորականներով եւ յայտնի քաղաքական ու յեղափոխական գործիչներով շրջապատուած` Չաւեզ նախագահական ընտրութիւններու իր թեկնածութիւնը դրած էր եւ քարոզարշաւի սկսած` հիմնականին մէջ երկրի ամենաաղքատ ու մոռցուած հասարակական խաւերուն մօտ: Յաղթանակը բացարձակ եղաւ: Ոչ միայն ձայներու յիսունեօթը տոկոսով ընտրուեցաւ, այլ այդ պահէն մինչեւ իր մահը իշխանութեան վրայ մնաց, արմատական իր բոլոր բարեփոխումները կատարեց միայն ու միայն ժողովրդային քուէի ուժով:
«Փոփիւլիսթ» այս ղեկավարին բոլոր նախաձեռնութիւնները` սահմանադրական բարեփոխում ըլլայ այն թէ ընտրական գործընթաց, եղան զանգուածային զօրաշարժի եւ ազատ ու մաքուր ընտրութիւններու ճամբով, որուն վկայութիւնը բազմիցս տուին միջազգային դէտեր, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճիմի Քարթըր: Այնքան տոկուն էր իր ժողովրդականութիւնը, որ Միջին Արեւելքը ժողովրդավարացնելու ելած Ճորճ Պուշի վարչակարգը չվարանեցաւ զօրակցիլ ապրիլ 2002-ին իր դէմ եղած պետական հարուածին, որ… երկու օրէն ձախողեցաւ, որովհետեւ ե՛ւ զինուորականութեան մէկ կարեւոր մասը, ե՛ւ մանաւանդ ժողովուրդը ոտքի ելաւ ի խնդիր պետական հարուածի ձախողութեան: Իր յաղթանակը բացարձակ եղաւ, որովհետեւ իր իշխանութեան հասնելէն հազիւ հինգ տարի անց, գրեթէ ամբողջ ցամաքամաս մը` Հարաւային Ամերիկան, բացառութեամբ քանի մը երկիրներու, պատմական նոր հանգրուան մը կը բանար հանրածանօթ «թեքում դէպի ձախ» գործընթացով եւ հրաժեշտ կու տար իննսունական թուականներու նորազատականութեան եւ անոր ծնունդ տուած աղէտներուն` ընկերային անարդարութիւն, սուր բեւեռացում, աղքատութեան աճ, անգործութիւն… Արժանթինի Մար Տել Փլաթա քաղաքին մէջ 2005-ին գումարուած Ամերիկաներու գագաթաժողովին, վերջինը` տասը տարի շարունակուած գործընթացի մը հաւաքներու շարքին, Չաւեզ-Լուլա-Քիրշներ եռեակը վերջնականապէս «ոչ» ըսաւ Պուշին եւ իր նախորդին օրօք սկսած համաամերիկեան ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծման ծրագիրին եւ ուղի հարթեցին արդէն զարգանալու սկսած հարաւամերիկեան համարկման հոլովոյթին: Հարաւամերիկեան բոլոր մեծ քաղաքական անձնաւորութիւններու շարքին Չաւեզ եղաւ ան, ով չվարանեցաւ ընկերատնտեսական զարգացման նորազատական տարբերակին այլընտրանքը կոչել իր անունով` «21-րդ դարու ընկերվարութիւն», համեստաբար ընդունելով, յղացքը իր հեղինակութիւնը չէր: Դրամատիրութեան այլընտրանքը ընկերվարութիւնն է, այլ ձեւով կարելի չէ այն բանաձեւել, ըսած էր ան շատ յստակ, առանց որեւէ թապուի այդ բառին նկատմամբ: Եւ այդ ընկերվարութիւնը անպայմանօրէն «կուլակաթափում» չէր, տնտեսութեան բացարձակ պետականացում չէր, ոչ ալ կը ժխտէր սեփականատիրութեան եւ ազատ նախաձեռնութեան իրաւունքը: Պարզապէս շեշտը կը դնէր ընկերային արդարութեան, հարստութեան վերաբաշխումին եւ անոր մէջ պետութեան կարգաւորող դերին վերարժեւորման:
Շատ գրուած է ու դեռ շատ պիտի գրուի Չաւեզին մասին իր լաւ թէ վատ կողմերով, նուաճումներով ու սխալներով, բայց թերեւս հարցական է, թէ այդ երեւոյթը ինչո՞վ հետաքրքրական պիտի ըլլայ հայութեան ու Հայաստանին համար:
Իրողութիւնը այն է, որ Չաւեսի երեւոյթը շատ հեռու է մեր իրականութենէն, եւ մերձեցման որեւէ փորձ քիչ մը արհեստական ու բռնի պարտադրուած ճիգ պիտի թուի, թէեւ Չաւեզի իշխանութեան օրերուն էր, որ Վենեզուելայի խորհրդարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման յայտարարութիւն եղաւ, Չաւեզի ստեղծած քէյպըլ հեռուստատեսութեան` «Թելէ Սուր», առաջին տնօրէնը հայազգի Արամ Ահարոնեանն էր Ուրուկուէյէն, եւ, տակաւի՛ն, Չաւեզը մօտ յարաբերութիւններ ստեղծեց ոչ միայն Հայաստանի ռազմավարական դաշնակից Ռուսիոյ, այլ նաեւ ու մանաւանդ Իրանի հետ: Բայց Հայաստանի Հանրապետութիւնը շատ հեռու էր Վենեզուելայէն, Հարաւային Ամերիկայէն ու Չաւեզէն ինքնին: Նախ` որովհետեւ «կոմպլեմենտար» արտաքին քաղաքականութիւնը անցնող տասնամեակին Հայաստանի դիւանագիտութեան տեսադաշտէն դուրս ձգած էր ընդհանրապէս Հարաւային Ամերիկան` ի շարս այլ տարածաշրջաններու: Երկրորդ, ու մանաւանդ, որովհետեւ անցեալ տասնամեակին էր, որ մինչ Հարաւային Ամերիկան կը հեռանար նորազատականութեան ճիրաններէն, Հայաստանի մէջ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օրօք հաստատուած ազատ շուկայական տոկման կ՛ամրագրէր դրամատիրութեան ամենագիշատիչ տարբերակը` ի դէմս սակաւապետական իշխանակարգին, որուն համար հասկնալիօրէն «ձախ թեքում», ընկերվարութիւն թէ ընկերային արդարութիւն անիմաստ, եթէ ոչ վտանգաւոր յղացքներ էին:
Կը մնայ, որ փետրուար 2013-ի նախագահական ընտրութիւններուն յաջորդած այս հանգրուանին, երբ ժողովրդային զօրաշարժը կրկին այսօրուան իշխանակարգին այլընտրանքի մը յոյսը կը փայփայէ, Լեւոնէն մինչեւ Սերժ Սարգսեան երկարող ընկերա-տնտեսական այս անարդար համակարգը փոխելու յանձնառութիւն վերցուցած ընդդիմութիւնը, թէկուզ եւ հանգրուանային գործընթացի զգուշաւորութեան արդարացի որդեգրումով, հասկնայ, որ այլընտրանքը ի վերջոյ ընկերային արդարութիւնն է, 21-րդ դարու ընկերվարութիւնը, այնպէս, ինչպէս Չաւեզ պատգամեց Վենեզուելային, Լատին Ամերիկային եւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն, եւ ոչ թէ` ազատական ֆոլքլորի գունաւոր յեղափոխութիւններու թէ «Փի. Ար.»ական հնչեղութեամբ, այլ` թատրերգութիւններու «շօու պիզնես»-ը:

