Նոր Երկիր Մը Քիւրտիստան
Հաւաքեց եւ համադրեց` ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Եթէ իսկապէս մօտէն կը հետեւիք Միջին Արեւելքի երկիրներու ընդհանուր տարածքին կատարուած քաղաքական վերիվայրումներուն, շարժումներուն, զինուորական կամ ռազմական գործողութիւններուն, յեղաշրջումներուն եւ յեղափոխութեան պիտակին տակ կատարուած «նորութիւններուն», պատերազմ ազդարարող սպառնալիքներուն, միլիոնաւոր տոլարներ արժող զինարշաւներուն, ներքին կամ արտաքին կռիւներուն կամ անոնց ահազանգերուն, խռովութիւններուն կամ ապստամբութիւններուն եւ արիւնալի ցոյցերուն ու մանաւանդ այս առիթով աշխարհի պատմաբաններու, պատմագէտներու եւ դիւանագէտներու յայտարարութիւններուն, կը նշմարենք, որ իսկապէս «նոր բանի մը» ոտնաձայնը կը լսուի այդ շրջանին մէջ, որ թէեւ շատերու համար բոլորովին նորութիւն մը չէ, սակայն հետզհետէ սկսած է դառնալ տեսանելի եւ իրաւ:
Այդ մէկը Քիւրտիստան անունով, 30-40 միլիոն հաշուող նոր երկրի մը ծնունդն է:
Բայց…
Փոքր վերաքաղ մը կատարելով` կ՛ուզեմ պարզապէս յիշեցնել, թէ անցեալ դարը կամ 20-րդ դարաշրջանը, իսկապէս որ մեծ առաջնորդներու դարաշրջան եղած էր իր դրական ու նաեւ իր բացասական իմաստով:
Այսպէս, այդ դարուն եկան Լենին, Ստալին, Մուսոլինի, Հիթլեր, Մաօ, Կանտի, Չըրչիլ, Ռուզվելթ, Տը Կոլ, Քասթրօ, Խրուշչեւ, Ռէյկըն, Թաչըր, Կորպաչով եւ տակաւին ուրիշներ, ինչպէս` Ասատ, Խոմէյնի, Սատտամն ու Քազաֆին, որոնք հանրայայտ էին եւ ճակատագրական դերեր խաղցան ոչ միայն իրենց վարած կամ իշխած երկրին, այլեւ աշխարհի խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ գերպետութիւններու գծած կամ որդեգրած քաղաքականութիւնը տեղաշարժի վերածելով:
Վերեւ յիշուածները բոլորն ալ այս օրերուն զանազան պատճառներով աշխարհի քաղաքական թատերաբեմէն հեռացած են արդէն: Չկան: Վերջ գտած է անոնց փառքի շրջանը: Բոլորն ալ դարձած են աշխարհի պատմութեան էջերու յիշատակումներ:
Բոլորն ալ գացին` իրենց հետ տանելով նաեւ իրենց տրամաբանութիւնը, որ պատճառ դարձած էր նաեւ համաշխարհային տրամաբանութեան փոփոխութեան:
Ներկայիս 21-րդ դարն ենք եւ ականատես` նոր համակարգերու ծնունդներուն: Այսպէս, նոր մտածելակերպեր եւ նոր տրամաբանութիւններ ծնունդ առած են, առանց գլխաւոր կամ յայտնի առաջնորդներու` նոր վարչակարգեր: Այս մէկը ճիշդ նախորդ դարուն հակառակ պատկերն է:
Պարզ ըսելով, Թունուզէն սկսած արաբական աշխարհի այս «յեղափոխութեան» ալիքը, հասնելով Եգիպտոս եւ աւելի վեր` ներկայիս Սուրիա, ոչ մէկ գլխաւոր առաջնորդ ունեցած է: Գլխաւոր առաջնորդներ կամ ղեկավարներ չկան, այլ ներկայ է միայն հասարակութեան ալիքը:
Այս մէկն ալ ձեւ կամ որդեգրում մըն է, ինչպէս որ սովոր է ըսել, որ ուշ կամ կանուխ պիտի գծէ զինք որդեգրող երկրին եւ անոր բնակչութեան ճակատագիրը:
Լաւ կամ վատ, այս ալիքը ինք ստեղծած է իր նոր իրավիճակը, անշուշտ շնորհիւ Արեւմուտքի մատուցած զանազան «նոր եւ թեքնիք» միջոցառումներուն: Այսօր Թունուզն ու Լիպիան գլխաւոր եւ յայտնի առաջնորդներ չունին, այլ ունին միայն նոր խմբակցութիւններ, որոնց համակարգ անունը կը տրուի:
Հոս էական եւ կարեւոր հանգամանք մըն ալ կայ:
Ինչ որ ալ ըլլան նորաստեղծ այս հանգամանքները, որոնք «յեղափոխութենէ» մը ետք ծնունդ առած էին, եթէ չեն կրցած փոխել նախկին իշխանութեան կողմէ որդեգրուած չափանիշներն ու գործելակերպերը, այդ երկրին մէջ ամէն բան նոյնը պիտի մնայ:
Ոչ մէկ բան պիտի փոխուի:
Այս բոլորը յիշեցինք պարզապէս ասոնց ճիշդ հակառակը քաղաքական հորիզոնին վրայ գծագրուող նոր երեւոյթ մը պարզելու համար:
Այսպէս, ժամանակէ մը ի վեր Միջին Արեւելքի տարածքին ակնյայտ ու տեսանելի դարձած է Իրաքի հիւսիսը գտնուող ինքնավար հիւսիսային Քիւրտիստանի մը ներկայութիւնը, որ կրնայ շուտով իր անկախութիւնը հռչակել:
Նման մեծ, նոր եւ շատերու համար վտանգաւոր երեւոյթ մը մեզի մտածել կու տայ, թէ մեր հայրենիքը` Հայաստանը, ի տես այս նոր երեւոյթին կամ ծնունդին, ի՞նչ պիտի ըլլայ: Ի՞նչ պիտի ընէ: Ի՞նչ կը մտածեն իր ղեկավարները: Արդեօք այս նոր երկրին իրականացումով, ի՞նչ պիտի ըլլայ շրջանի քարտէսը, մանաւանդ որ այս «նորը» ո՛չ Թունուզ է եւ ո՛չ ալ Եգիպտոս կամ Սուրիա եւ կամ ալ Լիպիա:
Հոս մեր վերեւ յիշած համակարգի դրութիւնը չկայ, այլ կայ լուրջ ու նոյն ժամանակ ալ մտահոգիչ պարագայ մը:
Պէտք է ըսել, որ տակաւին քանի մը տասնամեակներ առաջ քրտական պետութեան մը ծնունդը իսկապէս ծիծաղելի կը թուէր շատերուն եւ նոյնիսկ` անհնարին:
Տակաւին անցեալ դարուն պատկանող Պաղ պատերազմի ժամանակաշրջանին քիւրտերը նոյնիսկ չէին կրնար պետութիւն մը ստեղծելու մասին մտածել: Այսօր, սակայն, այս մէկը կամաց կամաց իրականութիւն սկսած է դառնալ, որովհետեւ Մերձաւոր Արեւելքի ներկայի քաղաքական մթնոլոտը ի շահ քիւրտերուն կը գործէ:
Շատեր այս մէկուն իրականացումը «արաբական գարնան» իբրեւ պտուղ կը համարեն կամ անոր անբաժան մէկ մասնիկը կը նկատեն: Բայց ուրիշներ ալ ոչ մէկ նմանութիւն կը գտնեն ու կը մեկնաբանեն` ըսելով, թէ եղածը պարզապէս աշխարհագրականօրէն, քիւրտերը իրարու մօտ նոյն շրջաններուն մէջ բազմամարդ ապրիլն է:
Բնականաբար Հայաստանի կողքին նոր Քիւրտիստանի մը ստեղծումը մեծ մտահոգութիւն պիտի պատճառէ նաեւ Իրաքի, Թուրքիոյ, Սուրիոյ եւ Իրանի հաւասարապէս:
Շատեր այն կարծիքին են, թէ Թուրքիոյ մէջ ապրող միլիոնաւոր քիւրտերը կրնան խաղալ այն դերը, ինչ որ թուրքերը ժամանակին խաղացին Բիւզանդական կայսրութեան ժամանակ եւ պատճառ դարձան այդ հսկայ կայսրութեան քանդումին:
Ահա, երբ կ՛ըսեն, թէ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, իրաւ եւ ճշմարիտ է:
Ներկայիս դիւանագէտներ կը պարզեն, թէ Թուրքիան իր դիմաց միայն երկու ձեւ կամ լուծում ունի: Այսպէս, ան կա՛մ յօժար կերպով քիւրտերուն պիտի յանձնէ արեւելեան Անատոլուն եւ կա՛մ ալ միշտ զինուորական մեծ, արիւնալի, վտանգաւոր ու ծախսալից գործողութիւններ պիտի նախաձեռնէ անոնց դէմ:
Բայց ինչ որ ալ ըլլան եզրակացութիւններն ու շրջանի երկիրներուն մտավախութիւնները, այլեւս արմատացած կ՛երեւի նոր Քիւրտիստանի մը ներկայութիւնը:
Ուշ կամ կանուխ այս երկիրը պիտի ծնի, կը հաստատեն արեւմտեան աղբիւրներ ու կ՛աւելցնեն, թէ նոր եւ հզօր Քիւրտիստան մը, որ եթէ սկիզբը չկարողանայ ազատ ու անկախ ապրիլ, սակայն գոնէ պիտի կարենայ Պաղեստինի նման ՄԱԿ-ի կողմէ ճանչցուիլ ու տարիներ ետք իր անկախութիւնը ձեռք ձգել:
Ասոր համար «արաբական գարնան» չափ այս հարցը չափազանց բարդ է:
Եթէ պատմութեան էջերը դարեր ետ դարձնենք, պիտի տեսնենք, որ երկար ատեն Միջին Արեւելքի մէջ իշխած էին երկու կայսրութիւններ` Օսմանեանն ու Պարսկականը, որոնք վերջը վերածուեցան Թուրքիոյ եւ Իրանի հանրապետութիւններու:
Խօսելով Իրանի մասին` ներկայիս ան ալ կը գտնուի դժուարին իրավիճակի մը մէջ, որովհետեւ իր մեծագոյն դաշնակիցն ու յենարանը` Սուրիան, ներքին կործանման եզրին կը գտնուի:
Միւս կողմէ, Իրաքի մէջ ապրող քիւրտերու անջատողական շարժումը կրնայ առիթ տալ կամ ստեղծել Իրանի մէջ ապրող միլիոնաւոր ազրպէյճանցիներուն, որոնք կ՛ապրին Իրանի քարիւղով առատ մեծ շրջանին մէջ, որ իրենք ալ ուզեն եւ փորձեն հետեւիլ քրտական շարժումին եւ անջատուիլ ու միանալ իրենց մայր երկիր Ազրպէյճանին եւ կամ ալ իրենց կարգին կազմել նոր, անկախ, ինքնավար ու անջատ երկիր մը:
Այս օրերուն այդ շրջանին մէջ շատ յստակ ու տեսանելի են Իրան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու վատթարացումն ու թշնամական իրավիճակը:
Դիւանագէտներու համաձայն, Մերձաւոր Արեւելքի միւս բեւեռը` Թուրքիան, այլեւս քրտական շարժումի մը եւ անոր պետութիւն մը կազմելու իրականութեան առջեւ չի կրնար շրջանին մէջ այլեւս իր ղեկավարի դերը շարունակել:
Ուստի Քիւրտիստան անունով նոր երկրի մը ստեղծումը պիտի դառնայ շատ հաւանական:
Իսկ գալով մեզի, Հայաստանի համար քրտական պետութեան ստեղծումը կրնայ ունենալ դրական եւ մանաւանդ ալ ժխտական ծանր հետեւանքներ:
Այսպէս, եթէ Քիւրտիստան մը ինքզինք անկախ հռչակէ, այս մէկը առաջին իսկ հերթին իր դրական հետեւանքը կրնայ ունենալ Ղարաբաղի ինքնութեան վրայ:
Իսկ միւս կողմէ` Քիւրտիստանի մը ծնունդը Հայաստանը պիտի դնէ նոր իսլամ դրացի երկրի մը դէմ յանդիման, որ ոչ միայն կազմուած պիտի ըլլայ Իրանի, Իրաքի եւ Սուրիոյ հողամասերու մեծ ու փոքր տարածքներէ, որոնց վրայ ներկայիս միլիոնաւոր քիւրտեր կ՛ապրին, այլեւ Թուրքիայէն խլելով արեւելեան Անատոլուն` պիտի կազմէ իր հսկայ երկիրը:
Ահա այս վերջինն է, որ մեզ կը մտահոգէ, որովհետեւ թրքական այս հողամասը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` անբաժան մէկ մասնիկը մեր պատմական Հայաստանին, իր բոլոր գաւառներով միատեղ:
Ուստի Քիւրտիստանի մը ստեղծումը մեզի համար երկսայրի սուրի պիտի նմանի: Այլ խօսքով, ինքնաբերաբար պիտի ունենանք որոշ ու մեծ հարցեր, հսկայ մարտահրաւէրներ:
Այս առիթով պէտք է շեշտել նաեւ, թէ արդէն նման երկրի մը ստեղծման գաղափարը նոյնիսկ Թուրիքոյ հարաւ-արեւելքը ապրող քիւրտերուն մեծ ուրախութեան եւ խանդավառութեան առիթ ստեղծած է:
Ներկայիս քիւրտերը շատ ծանր ու արդիական զէնքերով զինուած են եւ վճռականօրէն որոշած են ունենալ իրենց ազատ եւ անկախ հայրենիքը` Քիւրտիստանը եւ նոյնիսկ ծրագրած ու որոշած են մեր պատմական Տիգրանակերտը հռչակել իրենց մայրաքաղաքը:
Այս ձեւով հայ-քրտական սահմանը կը դառնայ շատ աւելի վտանգաւոր:
Հիմա, այս բոլոր տուեալներէն ետք հարցը հետեւեալն է. արդեօ՞ք ներկայիս մենք ազգովին պատրաստ ենք նման մարտահրաւէրի դիմաց կանգնելու:
Հայերու թիւը գերազանցող հսկայ եւ նոր իսլամ պետութիւն մը պիտի հիմնուի ու մեզ պիտի օղակէ կրկին անգամ:
Կը կարծեմ, որ մեզի կ՛իյնայ, սփիւռք եւ հայրենիք, երկար եւ ընդհանուր ձեւով մտածել եւ լրջօրէն քննել ու ամէն բան ընել, որ 20-րդ դարու սկիզբի մեր սխալները չկրկնուին:
Ներկայիս առկայ է «կլոպալ» քաղաքակրթութիւն ըսուածը եւ անշուշտ` անոր տրամաբանական զարգացումը: Ուստի պէտք է զայն լաւապէս ըմբռնել: Անոր ետեւէն հասնիլ, որպէսզի ապագային ազգովին չափսոսանք:
Էական է նաեւ յստակօրէն պատկերացնել մեր շուրջը ստեղծուած փոթորիկին տարողութիւնը ու անոր համաձայն պատրաստուիլ:
Երկար ատենէ ի վեր դարձած ենք ճակատագրապաշտ: Ուստի այս մէկէն ձերբազատելու համար կարեւոր է, որ մենք ազգովին փոխենք մեր մտածելակերպը, որ այս պարագային անշուշտ կախեալ է մեր առաջնորդներէն եւ ոչ թէ մեզմէ:
Մեր շուրջը «մեծ խաղ» մը կը պատրաստուի: Այս մէկուն պէտք է որ պատրաստ ըլլանք, որ «ծուղակը» չիյնանք: Նախապայման է, որ լաւ ճանչնանք մեր հին ու նոր թշնամին եւ անշուշտ մեր հին ու նոր բարեկամները, որովհետեւ վերջ ի վերջոյ բոլոր պատրանքները տեղի կու տան դառն իրականութեան եւ մերկ ճշմարտութեան առջեւ:
Վերջապէս պէտք է նաեւ համոզուինք, որ մենք, հայրենիք եւ սփիւռք միասին, մեր միակամ ուժերով կոչուած ենք միասին կերտելու մեր կեանքը: Ըսած եմ յաճախ, որ մեր հարցերը պէտք է լուծենք առանց անցեալի միջամտութեան, մերկ լոյսի տակ, առանց լալու, առանց տրտնջալու, առանց աղմուկի եւ աւելորդ ցուցապաշտութեան ու գաղտնօրէն:
Առանց զիրար խաբելու եւ խաբուելու` որոնենք մեր ինքնութիւնը, որ շատերու մօտ արդէն կորսուած է: Մռայլ եւ ամեհի դար մըն է 21-դարը, ուր մեծ դաւեր ու խաղեր կը սարքուին ամէն օր:
Այսօր համայն մարդկութիւնը այդ մեծ խաղին մէջ դերակատար դարձած է:
Հապա մենք.
Մենք, որ մեր գոյութիւնը միշտ մարտ եղած է, ո՞ւր ենք այս բոլորին մէջ: Ի՞նչ կ՛ընենք եւ ի՞նչ ընել կ՛ուզենք: Այս օրերուն, երբ մեր հայրենիքը իրականացած երազ է, ո՞ւր հասած է մեր ինքնագիտակցութիւնը: Ա՛լ վերջ դնենք «Արի տուն» լոզունքին եւ զայն փոխարինենք «Մնանք տուն»-ով: Այս մէկը թէեւ ուրիշ հարց է, բայց պէտք է անպայման մտածել:
Այս բոլորը մեր ներկայ առաջնորդներէն կախեալ է, ինչպէս նաեւ` մեր երկրի ապագան:
Վերջապէս, ներկայիս առկայ է այն իրականութիւնը, որ նոր Քիւրտիստանով ո՞ւր պիտի մնայ պատմական Հայաստան հասկացողութիւնը: Թուղթի՞ վրայ:
Արդ, չմոռնանք, որ շուտով մեր քիթին տակ նոր երկիր մը պիտի ստեղծուի Քիւրտիստան անունով, իր շուրջ քառասուն միլիոն բնակչութեամբ:
Մեզի կ՛իյնայ այս մէկուն պատեհութիւններն ու անպատեհութիւնները այսօրուընէ իսկ չափելու, որովհետեւ վաղը մեզի համար միշտ ուշ է:

