ՄԵՔՍԻՔԱՑԻ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ ԽԱՒԻԷ ՍԻՍԻԼԻԱ ԿԸ ԳԼԽԱՒՈՐԷ ԹՄՐԱՆԻՒԹԵՐՈՒ ԲՌՆՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՑԱՍՈՒՄԸ
Խաւէի Սիսիլիա կ՛ըսէ, թէ ինք այլեւս չի կրնար բանաստեղծութիւն յօրինել իր զաւկին մահէն ետք:
Սիսիլիա անհաւանական առաջնորդ է. կաթոլիկ բանաստեղծ մը, որ կ՛ըսէ, թէ «միայն 40 սմ. տարածութեան» պէտք ունի աշխատելու համար իր գրութեան վրայ:
Սակայն իր 24-ամեայ տղուն` Խուան Ֆրանցիսքոյի սպանութիւնը, թմրանիւթերու մաքսանենգութեամբ զբաղող աւազակախումբի մը հետ մարտին տեղի ունեցած դէպքի մը ընթացքին, Խաւիէ Սիսիլիան վերածած է Մեքսիքայի մէջ տեղի ունեցող վայրագութիւնները դատապարտող ամէնէն բարձր ձայնին:
«Ես քաղաքական անասուն մը չեմ», ըսաւ Սիսիլիա Մեքսիքոյի մէջ Պի. Պի. Սի.ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին: Ես բարոյական ձայն մըն եմ եւ ասիկա պիտի ընեմ ըստ իմ բարոյական համոզումներուս, որովհետեւ մարդիկ ինծմէ խնդրեցին ատիկա ընել»:
Թմրեցուցիչի մաքսանենգութեամբ զբաղող աւազակախումբերու դէմ երկրի նախագահ Ֆելիփէ Կոնզալես Քալտերոնի «Յիմար ռազմավարութեան» ուղղուած Սիսիլիայի սուր քննադատութիւններուն արձագանգեցին մեքսիքական հասարակութեան մեծաթիւ հատուածներ, որոնք հետզհետէ աւելի յուսախաբ կ՛ըլլան երկրի բազմաթիւ շրջաններու մէջ աճող վայրագութեան, բռնութեան ալիքին ի տես:
Աւելի քան 35 հազար անձեր սպաննուած են 2006 թուականի վերջաւորութեան ոճրագործներու դէմ նախագահ Քալտերոնի շղթայազերծած զինուորական գործողութենէն ի վեր, եւ վայրագութիւնը մեղմանալու նշաններ չկան:
Հետեւաբար, երբ Սիսիլիա, որ նաեւ կ՛աշխատակցի մեքսիքական «Փրոսեսօ օրաթերթին, կոչ ըրաւ Մեքսիքայի տարբեր շրջաններու մէջ միաժամանակ բողոքի երթեր կայացնելու, ժողովուրդը արձագանգեց, ընդառաջեց:
Հազարաւոր մարդիկ փողոց իջան մայրաքաղաքին մէջ, ինչպէս նաեւ` երկրի այլ շրջաններու մէջ, նոյնիսկ` մեքսիքական շարք մը դեսպանատուներու առջեւ, հետեւեալ կարգախօսով. «Բաւակա՛ն է. բաւակա՛ն. անուղղակի վնաս»:
Խաւէ Սիսիլիա, որ տակաւին կը փորձէ յարմարիլ իր անձնական ողբերգութիւնը հանրամատչելի դարձուցած տեղեկատուական մարզի քայլին, կը թուի, թէ իր նոր դերը ոչ թէ տարբերակ մը, այլ պարտաւորութիւն կը նկատէ:
«Ես պէտք է ցոյց տամ դէմքս` տղուս արժանապատուութեան համար, բոլոր զաւակներուն համար, որոնք մահացան այս ճակատամարտին մէջ, եւ` անոնց համար, որոնք ապագային պիտի մահանան», կ՛ըսէ ան: Հազարաւորներ ընդառաջեցին վայրագութեան դէմ երթի մասնակցելու անոր կոչին:
Սիսիլիա Ֆիլիփիններու մէջ կ՛աշխատէր, երբ լսեց իր տղուն եւ 6 այլ անձերու սպանութիւնը կուէռնաւաչայի մէջ, 28 մարտին: Անոնց դիակները յայտնաբերուած էին ինքնաշարժի մը մէջ եւ շուրջը: Ոմանց վրայ կային տանջանքի նշաններ:
Ոչ ոք ճշգրտօրէն գիտէ, թէ ինչո՞ւ Խուան Ֆրանցիսքօ Սիսիլիա եւ իր ընկերները թիրախ դարձած են: Ոճիրին առնչուող միակ ձերբակալութիւնը դրդապատճառներուն եւ հանգամանքներուն վրայ ոչ մէկ լոյս սփռեց:
Եւ այդ է պատճառը, որ շատեր, ներառեալ ինք` Սիսիլիա, սպանութիւնը կապեցին ընդհանուր վայրագութեան, որ լափած է Մեքսիքայի կեդրոնական Մորելոս նահանգը, ուր կը գտնուի կուէռնաւաչա քաղաքը:
Կ՛ըսուի, թէ այս տարածքը թմրանիւթերու մաքսանենգութեամբ զբաղող մրցակից աւազակախումբերու միջեւ ճակատամարտի կեդրոնն է:
Սիսիլիայի զաւկին նման, աւելի եւ աւելի անմեղներ կը սպաննուին` իբրեւ «անուղղակի վնասը թմրեցուցիչի դէմ պատերազմին», Այսպէսով ան քննադատութիւնը կը կեդրոնացնէ նախագահին ռազմավարութեան վրայ:
«Կը կարծեմ, որ նախագահ Ֆելիփէ Քալտերոն պատասխանատու է յիմար ձեւով մը պատերազմ շղթայազերծելուն մէջ», կ՛ըսէ ան համատեղելով զայրոյթն ու յուսահատութիւնը:
«Այս պատերազմը յաջողած է բացայայտել տարիներու փտածութիւնը` հաստատութիւններու, որոն այժմ ամբողջովին անպաշտպան ձգուած են կազմակերպուած ոճրագործութեան դէմ»:
«Մենք պէտք է վերաշինենք, վերակառուցենք այս ազգին Հիւսկէնը, հակառակ պարագային մենք դժոխք պիտի մտնենք»:
Խաւէի Սիսիլիա ինք եւս քննադատուած է իր զայրոյթը կեդրոնացնելուն համար կառավարութեան վրայ, փոխանակ կեդրոնացնելու ոճրագործներուն վրայ, որոնք կ՛ամբաստանուին բուն հարցին համար. Մեքսիքան օգտագործելով` թմրեցուցիչ նիւթերը Միացեալ Նահանգներ փոխադրել, ինչպէս նաեւ քանդել` իբրեւ մաքսանենգութեան ուղիներ օգտագործուող որոշ շրջաններ:
Նախագահ Քալտերոն, որ սպանութիւններէն ետք նախագահական ապարանքին մէջ ընդունեց Խաւիէ Սիսիլիան, ցոյցերու լոյսին տակ բացայայտ յղում մը ըրաւ այս հարցին:
«Մենք պէտք չէ շփոթի մատնուինք:
Մենք «Կը բաւէ՛» պէտք է ըսենք ոճրագործներուն, որոնք կ՛առեւանգեն եւ կը սպաննեն: Անոնք են թշնամիները, այլ ոչ թէ` անոնք, որոնք կը կռուին այդ թշնամիներուն դէմ», ըսաւ նախագահը գործարարներու հետ ճաշած ատեն:
Սիսիլիայի համար հակամարտութիւնը հասած է այնպիսի մակարդակի մը, որ կը պահանջէ աւելի ընդգրկուն, համապարփակ մօտեցում այս հարցին: Մօտեցում մը, որ բոլոր մեքսիքացիներուն յանձնառութիւնը ներառէ:
«Մենք կարիքը ունինք ազգային անվտանգութեան դաշնագրի մը, որովհետեւ ասիկա արտակարգ դրութիւն է, եւ մենք պէտք է վերակառուցենք այս ազգին հիւսկէնը, հակառակ պարագային մենք դժոխք պիտի մտնենք»:
Ինչ կը վերաբերի իր քերթողութեան, Սիսիլիա որոշած է լռեցնել իր ձայնը:
Իր վերջին բանաստեղծութիւնը ձօնուած էր իր տղուն եւ գրուած էր վայրագ սպանութենէն միայն քանի մը ժամ ետք:
«Իմ մէջս այլեւս գոյութիւն չունի քերթողութիւն», կ՛աւարտէ ան: