«Քրիստոսի Յարութիւնը Արդարութեան Յաղթանակն Է» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Կիրակի, 31 մարտ 2013-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանք հաւաքուած էին բազմաթիւ հաւատացեալներ` մասնակցելու սուրբ եւ անմահ պատարագին եւ տօնախմբելու համար Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը: Պատարագը մատուցեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը:

Պատարագի ընթացքին վեհափառ հայրապետը տուաւ իր հայրապետական պատգամը` «Քրիստոսի յարութիւնը արդարութեան յաղթանակն է»  բնորոշումը տալով Քրիստոսի յարութեան: Խօսելով Աստուծոյ ստեղծագործութեան ու մարդուն վերապահուած կոչումին եւ աշխարհի վրայ տիրող անարդարութեան մասին` վեհափառը ըսաւ. «Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած աշխարհը խաղաղութեամբ, արդարութեամբ ու ճշմարտութեամբ լեցուելու կոչուած էր. սակայն մարդկային կեանքը լեցուած էր անարդարութեամբ, բռնութեամբ ու կեղծիքով: Մարդը հեռացած էր Աստուծմէ: Աստուծոյ ձեռակերտը, ստեղծագործութիւնը դարձած էր ենթակայ մարդու չար, անարդար արարքներուն: Անարդարութիւնը դարձած էր տիրապետող ներկայութիւն մարդկային կեանքին մէջ: Աստուծոյ Որդին աշխարհ եկաւ վերստեղծելու մարդը եւ աշխարհը. այլ խօսքով` հաստատելու արդարութիւն: Ի՞նչ է արդարութիւնը. արդարութիւնը աստուածատուր իրաւունքները ճանչնալ ու յարգել է. արդարութիւնը ազգերու ու մարդոց փոխադարձ իրաւունքները ճանչնալ ու յարգել է. արդարութիւնը ազատութեան, արժանապատուութեան ու խաղաղութեան արժէքները ճանչնալ ու յարգել է: Արդարութիւնը աստուածատուր է ու աստուածակեդրոն: Արդարութեան ներկայութիւնը Աստուծոյ ներկայութիւնն է: Արդարութեան բացակայութիւնը Աստուծոյ բացակայութիւնն է: Արդարութեան մերժումը Աստուծոյ մերժումն է: Աստուծոյ Որդին իր խաչով ու յարութեամբ ոչ միայն մերժեց անարդարութիւնը, այլեւ նուաճեց զայն իր արդարութիւնը հաստատելով: Քրիստոս ըսաւ` ես յաղթեցի աշխարհին: Ան յաղթեց աշխարհին` արդարութիւն հաստատելով, մարդը անարդարութեան ճիրաններէն ազատելով, անարդարութեան շղթաները փշրելով: Ահա պատգամը Քրիստոսի յարութեան: Քրիստոսի յարութեան հաւատալ, Քրիստոսի ներկայութիւնը ապրիլ, Քրիստոսի յարութիւնը տօնախմբել, կը նշանակէ արդարութեան համար պայքարիլ»:

Ապա, անդրադառնալով Միջին Արեւելքին, Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Արմատական փոփոխութեան մէջ գտնուող Միջին Արեւելքի մէջ մեր սպասումն է, որ արդարութիւն հաստատուի: Արդարութիւնը միաստուածեան երեք կրօններու հաւատքին ու պատգամին առանցքը կը կազմէ: Արդարութիւնը պէտք է հաստատուի ընկերութեան կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ: Մեր սպասումն է, որ քրիստոնեայ համայնքներու իրաւունքները ամբողջութեամբ յարգուին` իբրեւ համահաւասար քաղաքացիներ, իբրեւ Միջին Արեւելքի ընկերութեան մաս կազմող եւ պատմութեան մէջ իրենց խոր արմատները ունեցող համայնքներ: Մեր սպասումն է, որ քրիստոնեայ – իսլամ համակեցութիւնը աւելի ամրապնդուի` հեռու մնալով զգայնութիւններ յառաջացնող կացութիւններէ»:

Զատկուան իր պատգամին վերջին բաժինին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադարձաւ Լիբանանի ներքին կացութեան եւ ըսաւ. «Մենք կ՛ողջունենք Լիբանանը Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող վերիվայրումներէն հեռու պահելու պետական ու համայնքային պատասխանատուներու ճիգը: Անհրաժեշտ է այս մօտեցումը աւելի ամրապնդել` զայն դարձնելով Լիբանանի ներքին միասնականութեան խորացման կարեւոր ազդակներէն մէկը: Ընտրական նոր օրէնքի մշակումը եւ ապա խորհրդարանական ընտրութեանց կազմակերպումը եւ այս հրամայականներուն լոյսին տակ նոր կառավարութեան մը նշանակումը մենք կը նկատենք անհրաժեշտ: Կ՛ուզեմ դարձեալ յիշեցնել բոլորին, թէ` Լիբանանի հայութիւնը Լիբանանի թէ այլ երկիրներու մէջ կողմի մը հետ չէ` այլ կողմի մը դէմ: Մենք ժողովուրդին հետ ենք, մենք օրինականութեան, արդարութեան ու համակեցութեան կողքին ենք: Այս սկզբունքային մօտեցումէն մեկնելով մենք պիտի շարունակենք գործօն մասնակցութիւն բերել ինչպէս Լիբանանի, նաեւ այլ երկիրներու հզօրութեան ու ծաղկման աշխատանքներուն»:

Երկուշաբթի Մեռելոցի օրը վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ հոգեհանգիստ տեղի ունեցաւ մեր ժողովուրդի բոլոր ննջեցեալներուն հոգիներուն համար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES