Նշմար Այսքա՛նը Շատ Է…

ՏՐԴԱՏ

Ս. Յարութեան տօնը անցաւ: Անցնող շաբթուան ընթացքին ամէն օր եկեղեցիները խճողուեցան մեծ թիւով հայորդիներով: Աղօթքներ, քարոզներ, շնորհաւորութիւններ, ընտանեկան յարկերու տակ կազմակերպուած հաւաքոյթներ, փոքրերը ուրախացնող նախաձեռնութիւններ ժողովուրդը դուրս բերին իր առօրեայ ընթացքէն եւ հաւաքական կեանքը լեցուցին թէ՛ դաստիարակիչ եւ թէ՛ ուրախ մթնոլորտով:

Այս բոլորը մատնանշելու համար չէ անշուշտ այս նշմարը: Հաւատացած եմ նաեւ, որ այս թերթը ընթերցող անհատին համար չէ, որ կը փոխանցեմ ընդվզումս եւ մտահոգութիւնս, բայց կը յուսամ, որ ընթերցողը այս մտահոգութեանց արծարծումով կը նպաստէ սրբագրութեան անյետաձգելի աշխատանքին:

Նախ, առանց տատամսելու կ՛ուզեմ յայտնել, որ երբեմն կ՛ունենամ այն զգացումը եւ տպաւորութիւնը, որ բազմաթիւ ընտանեկան յարկերու տակ այլեւս դաստիարակութիւն բառը  վաղուց կորսնցուցած է իր իմաստը: Երբեմն ականատես կը դառնանք կենցաղային այնպիսի զարհուրելի եւ անբացատրելի երեւոյթներու, որ ուղղակի կ՛ամչնանք…

Շատերու նման Քրիստոսի խաչելութեան երեկոյին ընտանեօք մուտք կը գործենք Անթիլիասի մայրավանք: Մայրավանքի բակին մէջ պարզուած տեսարանը ինքնին արդէն այդ օրուան խորհուրդը կը պարպէ իր խորհրդաւոր մթնոլորտէն: Երիտասարդներու եւ աւելի ճիշդ պատանիներու խումբեր, ծխախոտով եւ բարձր խնդուքով կը փորձեն ժամանակ անցընել: Այն տպաւորութիւնը կ՛ունենաս, որ շատ մը տղաք հոն, աչքէ հեռու, իրենց ծխելու առաջին փորձերը կը կատարեն: Խօսակցութեանց ոճին եւ արծարծուած նիւթերուն անշուշտ կարելի չէ հոս անդրադառնալ, կարծես փողոցը փոխադրած են եկեղեցւոյ բակը: Մուտք կը գործենք եկեղեցի, եւ փոքր տղաս զարմանքով ինծի դիտել կու տայ բջիջային հեռաձայնով զբաղող ներկաները: Վստահաբար այս պատանիներն ու երիտասարդները չեն գիտեր, թէ ո՛ւր մուտք գործած են եւ ի՛նչի նշում տեղի կ՛ունենայ եկեղեցւոյ կամարներուն տակ: Պարզուած այս տեսարանը կրնայ միայն ընդվզում եւ խոր մտահոգութիւն պատճառել: Աւելի մանրամասնելու կարիքը չեմ տեսներ: Աւելորդ կը նկատեմ նաեւ մատնանշել, թէ հայ եկեղեցին հայ մարդուն համար սոսկական եկեղեցի չէ, այլ ազգային-հոգեմտաւոր արժէքներու մեծ շտեմարան: Այս եւ այլ շտեմարաններէ հեռու կը մնայ այսօր մեր նորահաս սերունդի կարեւոր մէկ տոկոսը եւ կը մթագնէ մեր հաւաքական երթն ու ապագան: Կ՛ընդունիմ, որ աշխատանքը դժուար է. դպրոց, եկեղեցի, միութիւններ եւ մանաւանդ ընտանիք մեծ պատասխանատուութեան դիմաց են այսօր: Այս մէկը բազում մտահոգութիւններէն պատառիկ մըն է: Նորահաս սերունդի դաստիարակութեան ճիշդ ու նպատակաուղղուած գործը իբրեւ հրամայական խնդիր կը դրուի մեր դիմաց, որպէսզի վաղը չզղջանք:

Անհրաժեշտ է հաւաքաբար մտածել այս երեւոյթներուն մասին: Ընդունինք, որ այսքա՛նը այլեւս շատ է…

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES