«Քրիստոսի Յարութիւնը Մարդկութեան Գարունն Է» Շեշտեց Գեղամ Արք. Խաչերեան

Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին առիթով, կիրակի, 31 մարտին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի:

Հաւատացեալ ժողովուրդին փոխանցած իր հայրական պատգամին մէջ առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ մարդկութեան ամբողջ պատմութեան ընթացքին ամէնէն ուրախ եւ հրճուալի զգացումներով արտայայտուած խօսքերն են` «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց», որ Քրիստոս յարութիւն առաւ, իր մահով մահը կոխկռտեց եւ իր յարութեամբ մեզի կեանք պարգեւեց:

«Աստուծոյ ծրագրած փրկութեան, ուրախութեան յայտարարութիւնն է, որ Ս. Յարութեան տօնին կը կրկնենք նոյն ձեւով, ինչպէս կրկնեցին առաքեալները եւ անոնցմէ ետք իւրաքանչիւր սերունդ», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ Քրիստոսի յարութիւնը աշխարհի ստեղծագործութեան վերանորոգութիւնն է: «Քրիստոսի յարութիւնը անբացատրելի ուրախութեան պահ է մարդկութեան համար: Գարունն է մարդկութեան», բացատրեց սրբազան հայրը:

Շարունակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ Քրիստոսի յարութիւնը յաղթանակի պատգամ է եւ անիկա մեզի կը յորդորէ, որ քաջալերուինք եւ քաջ ըլլանք յառաջիկայ բոլոր դժուարութիւններու դէմ: «Մենք միշտ մեր ազգային գոյութեան եւ քրիստոնէական հաւատքին դէմ սպառնացող վտանգներուն դէմ Քրիստոսի յարութեան հաւատքով ապրեցանք, այդ յոյսով յարատեւեցինք եւ երբեք մահէն չպարտուեցանք», եզրափակեց առաջնորդ սրբազանը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES