Յիշեցէք Ան Որ Յարեաւ, Ինչպէս Ինք Ըսաւ

Մտքերնին բերին Անոր խօսքերը
Ու գերեզմանէն դառնալով` այս բոլորը
պատմեցին տասնմէկին եւ ուրիշներու:
Ղուկ. 24. 8-9

 

Յաճախ մոռացութեան կու տանք Տէր Յիսուս Քրիստոսը եւ Անոր ըսածները: Անոր պատուիրածները եւ ըսածները մոռնալով` կը մատնուինք անյոյս եւ անդարմանելի տրամադրութեան ու անխուսափելի տրտմութեան: Մինչդեռ, եթէ անսանք Անոր հրաւէրին եւ պահենք Անոր պատուէրները, մեզ շրջապատող սպառնալիքներն ու մեզ կլանող վախերը կը կորսնցնեն իրենց ուժը եւ մենք կը յաղթենք անոնց` յաւիտենական կեանքի յոյսով:

Գերեզման գացող կիներուն մտքին ու սրտին մէջ յուսադրիչ ոչ մէկ միտք կար: Անոնք կ՛երթային իրենց մահացած վարդապետին մարմինը օծելու` իբրեւ յարգանքի վերջին տուրք: Լուսափայլ հանդերձներով երկու մարդիկ անոնց հասնելով. «յիշեցուցին» Տէր Յիսուսի ըսածը, թէ` ողջը մեռելներուն մէջ պէտք չէ փնտռել, այլ` պէտք է միտք բերել, թէ Ան ինչեր ըսաւ Իր մահուան ու յարութեան մասին, երբ դեռ Գալիլիոյ մէջ էր:

Տէր Յիսուս Քրիստոսի խօսքերը միտք բերելու համար անհրաժեշտ է, որ անոնց մէջ կենանք: Անհրաժեշտ է, որ ամէն օր նայինք Անոր խօսքերուն եւ մեր սրտերուն մէջ պահենք այդ խօսքերն ու ապրինք անոնցմով: Ամէն օր Տէրոջ խօսքերը յիշել` կը նշանակէ պատրաստ ըլլալ ամէն օրուան վիճակներուն եւ պայմաններուն` եւ դիմադրելու ու տոկալու ուժ ստանալ: Նաեւ կը նշանակէ յաղթել մարդկային կեանքի բոլոր արհաւիրքներուն եւ չարին յարձակումներուն: Տէր Յիսուս ըսաւ. «Եթէ դուք իմ մէջս կենաք եւ իմ խօսքերս ալ ձեր մէջ կենան, ինչ որ ուզէք` պիտի խնդրէք ու պիտի ըլլայ ձեզի» (Յովհ. 15.7):

Մեր շուրջ եւ մեր ականջներուն ի լուր այնպիսի բաներ կը պատահին, որ մեզի կարելի չ՛ըլլար յիշել Տէր Յիսուսը եւ Անոր ըսածները: Մեր մտքերուն մէջ կը պարզուին պատերազմի եւ զինուորական շրջապատումի վիճակներ, որոնց մէջ` կը զարհուրինք եւ կը վախնանք մեր ապահովութեան վրայով: Մեր փորձառութիւնները եւ մեր նախնիներուն պատահած Եղեռնը կը յիշենք ու կ՛ընկղմինք անյոյս երեւակայութեանց տիղմին մէջ. չենք կրնար յիշել, թէ հակառակ բոլոր վտանգներուն եւ մահասփիւռ թշնամանքներուն` Աստուած կը պահէ մեզ, չենք կրնար հաւատալ, թէ մահն անգամ պարտութեան մատնուած է Տէր Յիսուս Քրիստոսով: Գերեզմանը գացող կիները, նման մեզի, մոռցած էին Տէր Յիսուսի հրաշքները, Անոր յարուցանող զօրութիւնը եւ խօսքերը, եւ կը պատրաստուէին միայն մահուան հետեւանքին:

«Հոս չէ Ան, հապա յարութիւն առաւ. մտքերնիդ բերէք, թէ ի՛նչ ըսաւ ձեզի, երբ դեռ Գալիլիոյ մէջ էր», կը յիշեցնեն լուսափայլ հանդերձներով հրեշտակները: Եւ ասով` մենք եւս կը հրաւիրուինք յիշելու, թէ Տէրը խոստացած է, որ ոչ ոք պիտի կարենայ խլել մեզ Իր հզօր ձեռքերէն: Աշխարհը ինչ ալ պատճառելու ըլլայ մեզի, ուրախութիւն թէ տրտմութիւն, յաջողութիւն թէ ձախողութիւն, խաղաղութիւն թէ վտանգ, ապահովութիւն թէ մահ, «ձեր կեանքը պահուած է Աստուծոյ քով Քրիստոսի հետ» (Կողոս. 3.3):

Մեզի կը մնայ յիշել Տէր Յիսուս Քրիստոսը եւ Անոր յարութեան զօրութիւնը: Մեր առաւելութիւնն է նայիլ Անոր խօսքերուն եւ խոստումներուն, եւ տեսնել, թէ Ան մեզ կ՛ապրեցնէ մահէն անդին ալ նայող կեանքով: Երբ կը յիշենք Տէր Յիսուսը մեր կեանքի բոլոր վիճակներուն եւ պարագաներուն մէջ` կը յաղթենք անոնց եւ կը պահենք մեր էութիւնը: Քանզի մարդով եղաւ մահը, Մարդով ալ մեռելներուն յարութիւնը պիտի ըլլայ» Ա. Կորնթ. 5.21), կ՛ըսէ առաքեալը:

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ. ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

ՎԵՐ. ՄԿՐՏԻՉ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ
ՆԱԽԱԳԱՀ
ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES