Ս. Զատկուան Տօնը` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա Եկեղեցւոյ Մէջ
Կիրակի, 31 մարտին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ս. Զատկուան տօնին առիթով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ` հանդիսապետութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին:
Պատարագի ընթացքին ամենապատիւ հոգեւոր տէրը ներկայ հաւատացեալներուն յղեց Յիսուս Քրիստոսի Ս. Յարութեան տօնի իր պատգամը: Ան մասնաւորաբար ըսաւ.
«Աստուած ստեղծած է մարդը, որպէսզի չմեռնի: Անմահութիւնը դրոշմուած է մարդուն սրտին մէջ: Մահը, ինչպէս կ՛ըսէ Ս. Գիրքը, մեղքի հետեւանքն է: Մահը խանգարեց Աստուծոյ ծրագիրը ի նպաստ մարդոց, եւ մատնեց մարդը յուսահատութեան եւ փրկուելու անկարողութեան: Բայց, ո՛չ ոք կրնայ քանդել Աստուծոյ ծրագիրը: Ամենակալն Աստուած իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկեց մարդը ազատելու համար մեղքի բռնութենէն: Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնը մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց մահուան դէմ, ի շահ ամբողջ մարդկային ցեղին: Զայն կը վայելեն բոլոր անոնք, որոնք Յիսուսին կը հաւատան, եւ Անոր յարութեան վկաներ են: Այս եղաւ պայմանը, այսինքն` Յիսուսին յարութեան վկայ ըլլալը, որ առաքելապետը` Ս. Պետրոսը պահանջեց, որպէսզի Յուդայի տեղ, տասներկու առաքեալներուն կազմը վերահաստատուի: Եւ Մատաթիա ընտրուեցաւ:
«Հրեաները, իրենց Զատիկը, այսինքն` իրենց ազատումին յիշատակը Փարաւոնի գերութենէն, տարին մէկ անգամ կը տօնեն: Քրիստոնեաները, իրենց Զատիկը, այսինքն` իրենց ազատումը մահէն, Յիսուսի Ս. Յարութեամբ, սկսած են տօնել ամէն կիրակի, որ է Ս. Յարութեան օրը, անկէ ետք, ամէն օր` Ս. պատարագի ընթացքին:
«Ի՞նչ ըսել է Յիսուսի յարութեան վկայ ըլլալ: Եթէ յարութիւնը կը նշանակէ յաղթանակը մահուան վրայ, եւ մահը կը նշանակէ բոլոր ժխտական պատահարները, որոնք մեզի ցաւ կը պատճառեն, ինչպէս` տխրութիւնը, յուսալքումը, հիւանդութիւնը, գործուած մեղքերը, մեր անկարողութիւնը: Յարութեան վկայ ըլլալ կը նշանակէ այս ժխտական կէտերէն դուրս գալ եւ Յիսուսի յարութեան յաղթանակին մասին վկայել: «Ասիկա կարելի է միայն հիմնուելով Յիսուսի կողմէ մեզի շնորհուած ուժին վրայ, շնորհին վրայ: Ով որ կը կարծէ, որ իր անձնական ուժերովը` իր ուշիմութեամբ, դրամով կամ գիտութեամբ կրնայ յաղթել իր կեանքի ամէն տեսակ դժուարութեան` յուսախաբութեան կը մատնուի, որովհետեւ անոր անկարողութիւնը թոյլ պիտի չտայ իրեն:
«Բայց ով որ կը նկատէ, թէ ամենակարող Հայր Աստուած մը ունի երկինքին մէջ, թէ վարդապետ մը ունի` Յիսուս, որ յաղթեց մահուան, եւ թէ Ս. Հոգի մը ունի, որ անդադար իրեն իմաստուն ներշնչումներ կը պարգեւէ, այդ անձը Ս. Աւետարանի լոյսով կ՛ընթանայ, իր սահմանները կը գիտակցի, բայց ամէնէն կարեւորը` Աստուծոյ կամքը կը ճանչնայ եւ զայն կատարելու համար ջանք կը թափէ ամէն օր:
«Այդ հաւատաւոր անձը երջանիկ է եւ խաղաղութեամբ կ՛ապրի, ո՛չ թէ որովհետեւ կատարեալ առողջութիւն կը վայելէ, կամ բոլոր մարդոց կողմէ գնահատուած է, եւ կամ որովհետեւ առօրեայ կեանքի նեղութիւններ չունի, այլ` որովհետեւ գիտէ, թէ նշեալ դժուարութիւնները մաս կը կազմեն Աստուծոյ ծրագիրին: Այդ հաւատացեալը կ՛ընդունի իր ներկայ վիճակը եւ սրտի խաղաղութիւնը կը վայելէ, այդ աստիճան, որ իր դրացիները, որոնք տեղեակ են իր ցաւերուն եւ նեղութիւններուն, կը զարմանան անոր խաղաղ եւ ուրախ տրամադրութեան վրայ»:

