Հաղորդագրութիւն

«Զաւարեան մատենաշար»-ի երկրորդ թիւը Գարեգին Խաժակի «Ի՞նչ է ազգութիւնը» գիտական հետազօտութիւնն է, որ իր թուայնացուած տարբերակով համացանցի մեր էջին վրայ կը տեղադրենք:

«Ի՞նչ է ազգութիւնը» գիրքը կը սկսի 13 էջնոց «Յառաջաբան»-ով մը, գրուած` Բ. հրատարակութեան առիթով. «Յառաջաբան»-ին կը յաջորդէ «Գ. Խաժակի մասին» գրութիւն մը: Գիտական հետազօտութիւնը կը սկսի հեղինակին կողմէ երիտասարդութեան ուղղուած «ՁՕՆ»-ով մը. «ԼԱՒԻՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳՈՂ, ՎԱՏԻՆ ՀԱՐՈՒԱԾՈՂ ԵՒ ԱՆՁՆԱԶՈՀՈՒԹԵԱՆ ՄԻՇՏ ՊԱՏՐԱՍՏ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒՄ Է ՀԵՂԻՆԱԿՆ ԻՐ ԱՇԽԱՏՈՒԹԻՒՆԸ»:

Գիրքին բովանդակութիւնը բաժնուած է 6 գլուխներու: «Ի՞նչ է ազգութիւնը» գիրքը կը բաղկանայ 276 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ լուսանկարներ:

Գիրքին թուայնացուած տարբերակը այսօր տեղադրուած պիտի ըլլայ ԶՈՄ-ի կայքէջի «Հրատարակութիւններ/մատենաշար» բաժինին մէջ:

ԶՈՄ-ի կայքէջի հասցէն է.- www.zavarian.org

Share this Article
CATEGORIES