«Իր Անշեղ Կեցուածքին Շնորհիւ Թուրքիա Յաջողեցաւ Իր Իրաւունքներուն Տիրանալ» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ «Իսրայէլ կը կարծէր, որ Թուրքիա Կազա մարդասիրական օժանդակութիւններ փոխադրող «Մաւի Մարմարա» նաւուն դէմ յարձակումէն ետք պիտի դադրի իր իրաւունքները պահանջելէ, սակայն Թուրքիա չտատամսեցաւ վճռակամօրէն իր իրաւունքները պահանջելէ»:

«Իր անշեղ կեցուածքին շնորհիւ Թուրքիա կրցաւ իր իրաւունքները ստանալ, եւ ահա ներումի պաշտօնական հայց կը ստանայ, ինչպէս նաեւ «Ազատութեան» տորմիղի զոհերու ընտանիքներուն Իսրայէլի վճարելիք հատուցումներուն եւ պաղեստինցիներու ապաշրջափակման խոստումը», ըսաւ Էրտողան:

Ան նշեց, որ «Թուրքիա այլեւս այն երկիրը չէ, որուն կարելի է որեւէ բան պարտադրել կամ զայն մղել լռութեան եւ իր իրաւունքներու տիրացումէն նահանջելու, մանաւանդ թրքական տնտեսութեան աճի լոյսին տակ, մինչ աշխարհը տնտեսական տագնապներ կը դիմագրաւէ»:

Share this Article
CATEGORIES