«Սուրիոյ Մէջ Միակողմանի Որոշումներուն Կեանքը Կարճ Է» Կ՛ըսէ Ալճերիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Ալճերիոյ արտաքին գործոց նախարար Մուրատ Մատլսի` խօսելով Արաբական լիկային մէջ Սուրիոյ աթոռը սուրիական ընդդիմութեան տալու քայլին մասին, երէկ յայտարարեց, որ այն որոշումները, զորս սուրիացիներուն մէկ մասը անջատաբար կու տայ, երկարատեւ պիտի չըլլան:

Ան Ալճերիոյ պետական ձայնասփիւռի ֆրանսախօս կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «սուրիացիներուն կ՛իյնայ որոշել, եւ միակողմանի որոշումները կամ անոնցմէ բացառապէս մէկ կողմի որդեգրած որոշումները արտաքին ճնշումներէ ազդուած կ՛ըլլան եւ կրնան շատ կարճ կեանք ունենալ»:

Ան հաստատեց, որ իր երկիրը չմիջամտելու քաղաքականութեան կը հետեւի եւ իր այդ կեցուածքը որդեգրած է հիմնուելով Արաբական լիկայի ուխտին վրայ, որ պետութեան մը աթոռը «պետութիւն չեղող կողմի մը յանձնել» չ՛արտօներ:

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակէն տիւրզի հարիւրաւոր զինուորներ պատրաստակամութիւն յայտնած են Սուրիա մեկնելու` մասնակցելու համար տիւրզիական Խըտըր գիւղին մէջ սուրիական ընդդիմութեան դէմ մղուող կռիւին:

Օրաթերթը կը մէջբերէ խօսքերը Իսրայէլի մէջ տիւրզիներու հոգեւոր պետ շէյխ Մուաֆֆաք Թարիֆի, որ կը յայտնէ, թէ հարիւրաւոր հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացած է տիւրզի երիտասարդներէ, որոնք պատրաստակամութիւն յայտնած են Սուրիոյ մէջ իրենց եղբայրները պաշտպանելու համար ամէն բան ընելու:

Ան աւելցուցած է, որ «ներկայիս մեր եղբայրներուն մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելու համար նուիրատուութիւններու հաւաքման արշաւի ձեռնարկած ենք, եւ սահմանին միւս կողմի իրադարձութիւններուն զգօնութեամբ եւ մտահոգութեամբ կը հետեւինք»: Ան յոյս յայտնած է, որ Սուրիա տիւրզի զինեալներ ուղարկելու չստիպուին` աւելցնելով, որ «մենք օրինապահ քաղաքացիներ ենք եւ իսրայէլեան բանակին ու առնչակից բոլոր կողմերուն հետ կապ կը հաստատենք, որպէսզի այդ կացութեան չհասնինք»:

Օրաթերթը կը նշէ, որ Իսրայէլի մէջ տիւրզի համայնքէն ներկայացուցիչներ մտահոգ են այն իրողութենէն, որ Սուրիոյ տագնապի սկիզբէն ետք առաջին անգամ ըլլալով Սուրիոյ մէջ տիւրզիական վայրեր յարձակումի կ՛ենթարկուին` աւելցնելով, որ 10 օր առաջ բռնագրաւեալ Կոլանի Մաժտալ Շամս գիւղէն երեք քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող տիւրզիական Խըտըր գիւղը յարձակումի ենթարկուած է, սակայն սուրիական ընդդիմութիւնը իր կարգին գիւղի բնակիչներէն եւ սուրիական վարչակարգին համակիր զինեալներ կ՛ամբաստանէ Սուրիական ազատ բանակի եւ Ժապհաթ Անսարի զինեալներ առեւանգելու, անոնցմէ աւելի քան հարիւրը սպաննելու եւ անոնցմէ ոմանք չարչարելու յանցանքով: «Մաարիւ» կ՛աւելցնէ, որ Ժապհաթ Անսար իր կարգին Խըտըր գիւղէն 7 անձեր սպաննած է:

Share this Article
CATEGORIES