Իսրայէլ Բնական Կազի Մղման Առաջին Հանգրուանը Յաջողութեամբ Պսակած Է

Իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ Միջերկրական ծովուն մէջ գտնուող «Թամար» հանքէն բնական կազի առաջին քանակը կիրակի գիշեր հասած է Աշտոտի մէջ գտնուող ընդունարան, «ինչ որ Իսրայէլի մէջ ուժանիւթի մարզի ինքնաբաւութեան իրագործման ուղղութեամբ կարեւոր քայլ մը կը նկատուի»:

Կը նախատեսուի, որ «Թամար» հանքէն բնական կազի դէպի Իսրայէլ մղումը իր ամբողջական տարողութեան հասնի մէկ ամսուան ընթացքին, ինչ որ կարելիութիւն պիտի տայ օրական շուրջ մէկ միլիառ խորանարդ մեթր կազ մղել դէպի Իսրայէլ:

Նշենք, որ «Թամար» հանքը Հայֆայի ծովափէն 90 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի եւ ծովու յատակէն 150 քիլոմեթր երկարութեամբ խողովակներու ցանցով մը կապուած է Աշտոտի մէջ գտնուող ընդունարանի կայանի մը:

Share this Article
CATEGORIES