Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի Ս. Զատկուան տօնին առիթով շնորհաւորեց լիբանանցիները եւ յատկապէս քրիստոնեաները, որոնք Արեւմտեան տօնական օրացոյցին կը պատկանին: Պըրրի Լիբանանին ապահով եւ կայուն յարութիւն մաղթեց` հեռու այն վտանգներէն, որոնք Լիբանանին կը սպառնան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Հըզպալլա կը մերժէ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել եւ կը ծրագրէ Լիբանանը հսկայական անիշխանութեան մատնել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը վարչապետի պաշտօնին համար Նեժիպ Միքաթիի անունը պիտի չառաջարկեն: Անոնք աւելցուցին, որ ոեւէ թեկնածուի անունը պիտի չտան` մինչեւ որ յառաջիկայ 48 ժամերուն յստակ անուան մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնեն:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ մինչեւ ընտրական արդար օրէնքի մը գոյացումը, Լիբանան կրնայ իր օրէնսդրական ընթացքը շարունակել:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի պատասխանատուներէն, իրաւաբան Սլէյման Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ շատ ինքնավստահ է` աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ հարցերը կ՛ուղղուին դէպի լուծում եւ համաձայնութիւն:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոս Ս. Զատկուան առիթով իր արտասանած քարոզին մէջ կոչ ուղղեց պատասխանատուներուն Լիբանանին համար զիջումներ կատարելու հսկայ պատասխանատուութիւնը ստանձնելու:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ցարդ չեն համաձայնած նոր վարչապետի ինքնութեան գծով: Նոյն օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան քաղաքական ուժերը կ՛ուղղուին կազմելու ոչ կուսակցական բնոյթի կառավարութիւն մը:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կ՛ուղղուի կազմելու չէզոք կառավարութիւն մը, որ կը հսկէ կատարուելիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական Մոհամետ Շաթահ յայտնեց, որ յաջորդ վարչապետին անունը տակաւին յստակ չէ, այլ կը մնայ խորհրդակցութիւններու շրջագիծին մէջ:
ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի խորհրդական Խալտուն Շերիֆ յայտնեց, որ Լիբանան կարիքը ունի միասնական կառավարութեան` ընդգծելով, որ Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւնները յառաջիկայ յունիսին պիտի չկատարուին:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ իրենք չեն փափաքիր 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել, բայց եւ այնպէս չեն փափաքիր, որ երկիրը անիշխանութեան մատնուի:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան յայտնեց, որ պէտք է լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ արգելքները վերացնել, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին ազգային միասնականութիւնը ամրապնդել:
ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ կառավարութեան մէջ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական ներքին տագնապը կարելի է լուծել ազգային երկխօսութեամբ եւ ազգային միասնականութեան կառավարութեան մը կազմութեամբ:
ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ կառավարութեան մէջ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ այս հանգրուանին Լիբանանի համար առաջնահերթութիւն է մուտք գործել դէպի իսկական երկխօսութիւն:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին ընդգծեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ հանգրուանը զգայուն է, եւ պէտք չէ տրուելիք որոշումներուն պարագային աճապարել:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ տիւրզիական որեւէ գիւղի դէմ յարձակում համազօր է ամբողջ շրջանին մէջ տիւրզիներուն դէմ գործուած յարձակումի:
ԱՆՏԻՈՔԻ եւ համայն Արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը Դամասկոսի մէջ մատուցեց Ս. Զատկուան պատարագը, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ ան կոչ ուղղեց սուրիացիներուն` միասնականութեամբ գործելու, որպէսզի վերջ դրուի Սուրիոյ արիւնահեղութեան:
ՖԸՐԶՈԼԻ, Զահլէի եւ Պեքաայի յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Իսամ Եուհաննա Տարուիշ եպիսկոպոսը յայտնեց, որ «Արաբական գարուն»-ը «խենթ» փոթորիկ մըն է, որուն յստակ աւարտ մը չէ նախատեսուած:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ լիբանանցիները շնորհաւորեց Ս. Զատկուան տօնին առիթով եւ կոչ ուղղեց կազմելու չէզոք կառավարութիւն մը:
ԱՐԱԲԱԿԱՆ Միացեալ Էմիրութիւններու «Խալիժ» օրաթերթին համաձայն, Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնած է, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան թեկնածուները մինչեւ յառաջիկայ 9 ապրիլ պիտի առաջադրեն իրենց թեկնածութիւնը:

