Մանսուր Ընդունեց Եմէնի Նախկին Նախագահը Եւ Սուրիոյ Ու Ռուսիոյ Դեսպանները
Հրաժարեալ կառավարութեան մէջ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր անցեալ շաբաթավերջին Պուսթրոս պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Եմէնի նախկին նախագահ Ալի Սալեմ Պիտի հետ:
Մանսուրի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի. քննարկուեցան լիբանանեան եւ սուրիական իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ալի յայտնեց, որ ինք նախարար Մանսուրէն բողոքի նամակ չէ ստացած` հաստատելով, որ Սուրիա վտանգի կ՛ենթարկուի Լիբանանէն Սուրիա ուղղուող զինեալներուն պատճառով:
Ալի նշեց, որ ինք Մանսուրի հետ քննարկած է Սուրիա ուղղուող եւ Սուրիայէն Լիբանան ժամանող փոխադրակառքերուն երթեւեկին վերաբերող հարցեր:
«Սուրիան մեծ դաւադրութեան դէմ յանդիման կը գտնուի եւ այդ պատճառով է, որ երկու երկիրներուն միացեալ շահերը կը վնասուին», ըսաւ Ալի:
Ան ընդգծեց, որ Տոհայի մէջ սուրիական ընդդիմութեան յատուկ առաջին «դեսպանատան» բացումը վտանգաւոր նախընթաց է` միջազգային կազմակերպութեանց մակարդակին վրայ, ինչպէս նաեւ Արաբական լիկայի դերակատարութեան ջնջում է եւ անոր ուխտին իմաստով լուրջ խախտում:
Մանսուր ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Զասպիքին յայտնեց, որ Տոհայի մէջ գումարուած Արաբական լիկայի վեհաժողովին Սուրիոյ վերաբերող որոշումները կը խոչընդոտեն Սուրիոյ տագնապին լուծման համար ի գործ դրուած ջանքերը:

