Ներքին Ապահովութեան Ուժերու Կեդրոնին Մէջ Յանձնումի Եւ Ստանձնումի Պաշտօնական Արարողութիւն

Ներքին ապահովութեան ուժերու կեդրոնին մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ յանձնումի եւ ստանձնումի պաշտօնական արարողութիւն մը` ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆիի եւ անոր յաջորդին` գնդապետ-զօրավար Ռոժէ Սալեմի միջեւ:

Պաշտօնական արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի պետ գնդապետ-զօրավար Իմատ Օսման եւ լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ ներքին ապահովութեան ուժերու պատասխանատուներ:

Զինուորական արարողութեան աւարտին գնդապետ-զօրավար Ռոժէ Սալեմ Ռիֆիի յանձնեց յուշանուէր մը` անոր մաղթելով առողջութիւն եւ յաջողութիւն:

Հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆի իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ իր խիղճը հանգիստ է, եւ ներքին ապահովութեան ուժերը ձգած է ապահով ձեռքերու մէջ:

Իր կարգին, գնդապետ-զօրավար Ռոժէ Սալեմ շեշտեց, որ ինք ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայէ ձերբազատելու ներքին ապահովութեան ուժերուն դիմագիծը արատաւորող բոլոր երեւոյթներէն եւ իրականութիւններէն, ինչպէս նաեւ պիտի ջանայ պահպանել այդ հաստատութիւնը եւ ամրապնդել անոր նկատմամբ քաղաքացիներուն վստահութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES