Դեսպան Քոչարեան Այցելեց Պուսթրոս Պալատ

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան երէկ այցելեց Պուսթրոս պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հրաժարեալ կառավարութեան արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուրի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի զարգացումները:

Share this Article
CATEGORIES