Ռապիէի Մէջ Մեծամասնական Ուժերու Ընդարձակ Նիստ

Երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի Ռապիէի բնակարանին մէջ գումարուեցաւ մեծամասնական ուժերու ընդարձակ նիստ մը, որուն ներկայ գտնուեցան հրաժարեալ կառավարութեան ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ, ՀՅԴ-ի կողմէ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Մարատայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի եւ նախկին նախարար Եուսեֆ Սաատէ:

Հանդիպումէն ժամ մը ետք, վերոնշեալ անձնաւորութիւններուն միացաւ նաեւ Հըզպալլայի պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլ եւ Հըզպալլայի յարաբերական աշխատանքներու պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆա:

Երկու ժամ տեւած հանդիպումէն ետք ներկաները մեկնեցան մերժելով յայտարարութիւն կատարել, բացի երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիէն, որ յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են ընտրական օրէնքին եւ նոր կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր` աւելցնելով, որ դաշնակից ուժերուն միջեւ խորհրդակցութիւնները տակաւին ընթացքի մէջ են:

 

Share this Article
CATEGORIES