Պքերքէի Մէջ. Ֆրանսայի Համար Պատարագ` Նախագահութեամբ Ռայի Պատրիարքին
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Ֆրանսայի համար մատուցուած Ս. պատարագի մը, որուն ներկայ գտնուեցան Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլի, ֆրանսական դեսպանատան անձնակազմը, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով հաւատացեալներ:
Պատարագին ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը զգուշացուց կարգ մը ուժերէ, որոնք «Արաբական գարնան» անունով կը ջանան Արեւելքի մէջ սադրանքներ նախապատրաստել:
«Կան մութ ուժեր, որոնք կը միտին Միջին Արեւելքի երկիրներն ու պետութիւնները բաժան-բաժան ընել եւ «Արաբական գարնան» ու ժողովրդավարութեան անունով գրգռութիւններ հրահրել», շեշտեց Ռայի պատրիարքը:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը Ս. Զատկուան տօնին առիթով ստացաւ շնորհաւորական շարք մը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիէն, հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիէն, նախկին վարչապետ Սելիմ Հըսէն, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիէն, տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանէն, նախկին վարչապետներ Սաատ Հարիրիէն եւ Ֆուատ Սինիորայէն:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց շնորհաւորութիւններ մեծ թիւով նախարարներէ, երեսփոխաններէ, դիւանագէտներէ, զինուորականներէ, ընկերային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներէ եւ հոգեւորականներէ:

