Նախագահ Սլէյման Ս. Զատկուան Տօնին Առիթով Կ՛այցելէ Պքերքէ

Նախագահ Սլէյման եւ կարտինալ Ռայի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյման Պքերքէի մէջ ներկայ գտնուեցան Ս. Զատկուան տօնին առիթով մատուցուած պատարագին:

Նախքան Ս. պատարագի մատուցումը, նախագահ Սլէյման Պքերքէի վեհարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:

Կէս ժամ տեւած դռնփակ հանդիպումէն ետք նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկած է երկրին իրադարձութիւնները:

Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ ինք եւ Ռայի պատրիարքը համաձայն են, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները ամէն գնով կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին: Ան աւելցուց, որ յաջորդ կառավարութեան պարտականութիւնը պիտի ըլլայ կազմակերպել ու գործադրել երեսփոխանական ընտրութիւնները եւ ամրապնդել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանը հեռու պահել Սուրիոյ տագնապին ունենալիք հետեւանքներէն:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ շատ մը լիբանանցիներ կը մերժեն 1960-ի ընտրական օրէնքը, բայց բոլորը կը փափաքին ընտրութիւններուն կայացումը: «Երեսփոխանական ընտրութիւնները չկատարելը մեծ մեղք է եւ Լիբանանը կ՛առաջնորդէ դէպի մահացու մեղքեր: Հետեւաբար` ընտրական նոր օրէնք մը մշակելէ փախուստ չկայ», ըսաւ ան:

Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ ինք ներկայ խորհրդարանի աշխատանքի նստաշրջանը պիտի չերկարաձգէ` աւելցնելով, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ իրավիճակին պատասխանատուները լիբանանեան քաղաքական ուժերն են:

Նշենք, որ Ս. Զատկուան տօնին առիթով երէկ նախագահ Սլէյման շնորհաւորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտէն, որ իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց նախագահ Սլէյմանի:

Հոլլանտ ընդգծեց նաեւ նախագահ Սլէյմանի կեցուածքները, յատկապէս «Պաապտայի յայտարարութեան» գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանը զանց կացուցել զինք շրջապատող զարգացումներէն:

Հոլլանտ դրուատեց նաեւ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող նախագահ Սլէյմանի կեցուածքները:

Share this Article
CATEGORIES