ՀՅ Դաշնակցութիւնը Հանրապետական Կուսակցութեան Կ՛առաջարկէ Խոհեմ Ըլլալ Եւ Անցնիլ Արմատական Փոփոխութիւններու
Արտակարգ նստաշրջանին քուէարկելու համար Հանրապետական կուսակցութիւնը Հայաստանի Ազգային ժողովի միւս խմբակցութիւններուն փաստաթուղթով առաջարկած է հանդուրժողականութիւն եւ համախմբում:
«Մենք ծանօթացանք եւ մեր տեսակէտը յայտնեցինք, որ այս բովանդակութեամբ փաստաթուղթը մեզի համար անընդունելի է, ասիկա որեւէ հարցի պատասխան չի տար», յայտնեց Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան:
Աղուան Վարդանեան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը համաձայն է Ազգային Ժողովի արտակարգ նստաշրջանին, սակայն աւելի լուրջ օրակարգով ` ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխում մէկ տարուան ընթացքին, սահմանադրական փոփոխութիւններ երկու տարուան ընթացքին եւ երրորդ տարուան ընթացքին` Ազգային ժողովի արտակարգ ընտրութիւններ:
«Ընդամէնը մէկ տարի կը մնայ մինչեւ այս խորհրդարանի ժամկէտներու աւարտը, բայց մենք երկիրը պիտի դնենք իրական փոփոխութիւններու հունին վրայ», յայտնեց դաշնակցական պատգամաւորը:
Աղուան Վարդանեան իշխանութիւններուն առաջարկեց նաեւ ընդդիմութեան տալ վերահսկող պաշտօններ, կառավարողը պիտի կառավարէ, վերահսկողը անոր պիտի վերահսկէ:
«Այդ ժամանակ ընդդիմութիւնը ամէն ինչ պիտի ընէ, որ դուք լաւ աշխատիք, դուք ամէն ինչ պիտի ընէք, որ լաւ աշխատիք, որպէսզի ընդդիմութիւնը չկարենայ ձեզի փաստի առջեւ կանգնեցնել», ընդգծեց Աղուան Վարդանեան` խօսքը ուղղելով իշխանութիւններուն:
Դաշնակցութիւնը վաղուց իր առաջարկները փոխանցած է Հանրապետականին: Ճիշդ անկէ ետք հանրապետականները առաջարկած են գոհանալ միայն հանդուրժողականութեան եւ համախմբման մասին կոչերով. «Եթէ նոյնիսկ Աստուած չընէ այս շարժումը մարի, միեւնոյնն է վաղը, միւս օր այս խնդիրները պիտի չլուծուին»:
Դաշնակցութիւնը Հանրապետականին կ՛առաջարկէ խոհեմ ըլլալ եւ անցնիլ արմատական փոփոխութիւններու: Անձամբ Աղուան Վարդանեան այդ քայլը կ՛ողջունէ:

