Միջադէպ Կապանի Մէջ` Յովհաննէսեանի Հանդիպման Ժամանակ
Երէկ միջադէպ մը արձանագրուեցաւ Սիւնիքի մարզի կեդրոն Կապանի մէջ Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար, Հայաստանի նախագահի նախկին թեկնածու Րաֆֆի Յովհաննէսեանի հրաւիրած հանդիպման ժամանակ:
Յովհաննէսեան ելոյթ կ՛ունենար` պահանջելով, մասնաւորաբար, Սիւնիքի մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեանի հրաժարականը, երբ ներկաներէն նախ կին մը սկսաւ բողոքել եւ պահանջել, որ ան չխանգարէ Մեռելոցը եւ հեռանայ, քանի որ «պաշտօններ կ՛ուզէ իրեն համար, իսկ ժողովուրդին համար ոչինչ չէ կատարած եւ չ՛ուզեր», ապա կնոջ միացան այլ ներկաներ եւս:
Յովհաննէսեան եւ իր կողմնակիցները «սադրիչներ» որակեցին այդ անձերը, սակայն վերջիններս շարունակեցին խանգարել Յովհաննէսեանի ելոյթը, ինչ որ, ի վերջոյ, վերածուեցաւ հրմշտոցի նախագահի նախկին թեկնածուի կողմնակիցներուն եւ ընդդիմախօսներուն միջեւ:
Միայն այդ ժամանակ ոստիկանութեան աշխատակիցները սկսան յայտարարել, որ միջոցառման մասին տեղական իշխանութիւնները իրազեկուած չեն, ատիկա ապօրինի է, եւ պահանջեցին դադրեցնել հաւաքը: Ներկաներու խումբ մը ողջունեց այդ յայտարարութիւնը` վանկարկելով, «հեռացէք, հեռացէք»:
Րաֆֆի Յովհաննէսեան յայտարարեց, որ մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեան չեկաւ ժամադրութեան` փոխարէնը այլոց ուղարկելով իր հաւաքը խանգարելու համար, ապա աւարտեց ելոյթը եւ յայտնեց, որ եկեղեցի այցելելէն ետք պիտի մեկնի մարզի որիս քաղաք:
Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն հարցումին, թէ մարզերուն մէջ ի՞նչ ուղերձներ կը յղէ, Ժառանգութեան ղեկավարը յայտնեց. «Մենք մեր քաղաքացիներու բանակը խաղաղ, սահմանադրական զօրաշարժի կ՛ենթարկենք եւ սահմանադրական Նոր Հայաստանի պատգամը կը տանինք քաղաքէ քաղաք, որովհետեւ ժողովուրդը 18 փետրուարին համոզիչ յաղթանակ տարած է ամէնուր, եւ պիտի նախապատրաստուինք 9 ապրիլին Նոր Հայաստանի հիմնադրման եւ երդմնակալութեան»:

