Եթէ Պատահի, Որ Ցեղապաշտական Բնոյթի Պարագաներ Արձանագրուին. «Իրաւարարները Իրաւունք Ունին Մրցում Մը Անմիջապէս Ընդհատելու» Ըսաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»ն
Իր լուրը քաղելով «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքէջէն` ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի գործադիր կոմիտէն, Սոֆիայի մէջ (Պուլկարիա) իր գումարած մէկ նիստին ընթացքին լրջօրէն քննարկած է ցեղապաշտական բնոյթի կեցուածքներու հետ առնչուող հարցեր:
Անիկա արտօնութիւն տուած է իրաւարարներուն մրցում մը անմիջապէս ընդհատելու, եթէ պատահի, որ ցեղապաշտական բնոյթի պարագաներ արձանագրուին:
Ատկէ բացի, անիկա բոլոր ֆետերասիոններուն կոչ ուղղեց, որ անոնք քիչ մը աւելի խիստ ըլլան այն անձերուն նկատմամբ, որոնք նմանօրինակ արարքներ կը հրահրեն:
CATEGORIES Մարզական

