Փինկ Փոնկ. Շըմրան Պայսարիէ Հանդիսացաւ Հարաւի Նահանգի Ախոյեան

Լիբանանի փինկ փոնկի Բ. դասակարգի հարաւի նահանգի ախոյեանութեան, Շըմրան Պայսարիէ հանդիսացաւ ախոյեան` իր կատարած մրցումներուն յաջորդական յաղթանակ արձանագրելէ ետք:

Անոր հետ միասին Լիբանանի ախոյեանութեան իրենց տոմսերը ապահովեցին նաեւ Ահլի Սայտա եւ Սարաֆանտ, որոնք յաջորդաբար գրաւեցին երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը:

Մրցանակաբաշխութեան ներկայ էր Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Փիեռ Հենի:

 

Share this Article
CATEGORIES