Սեւ Գօտիի Տուչութիւն` Լիբանանի Քոնկ Ֆու Ուու Շուի Ֆետերասիոնին Մէջ
Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնը իր կեդրոնատեղիին մէջ կատարեց Սեւ գօտիի տուչութիւնը բոլոր անոնց, որոնք յաջողեցան անոր կազմակերպած քննութիւններուն ընթացքին:
Սեւ գօտիներ ստացան Մարին Արապեան, Քրիսթոֆըր Ապի Խալիլ, Ուիլիըմ Պախաշ եւ Պարպարա Ռասի:
Գօտիներու տուչութեան այս արարողութեան ներկայ էին Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Նասիր, փոխնախագահներ Ժաք Տաղլեան եւ Նաում Սաատէ, ընդհանուր քարտուղար Պասսամ Նոհրա եւ գանձապահ Սամիր Շաղուրի:
CATEGORIES Մարզական

