Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Մութթահետ Թրիփոլի
Այսօր` երեքշաբթի, 2 ապրիլին կը սկսին Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ ֆորի մրցումները:
Դասաւորման առաջին դիրքը գրաւած ՀՄԸՄ Անթիլիաս առաջին մրցումը պիտի կատարէ իր դաշտին վրայ` հիւրընկալելով Մութթահետ Թրիփոլին: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին:
Երկրորդ մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ Ռիատի Պէյրութը եւ Անդրանիկ Պէյրութը: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Մանարայի մէջ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:00-ին:
CATEGORIES Մարզական

