Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Սաֆա Սաատ Պարուք` 1-0
Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Լեռնալիբանանի նահանգի Ե. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ նախորդ շաբաթավերջին կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Պհամտունի դաշտին վրայ, երբ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սաատ Սաֆա Պարուքը:
ՀՄԸՄ-ի եւ մրցումին միակ կոլը նշանակեց Յարութ Մումջողլեան` մրցումին 20-րդ վայրկեանին:
Մրցակից կազմը, մրցումը աւարտեց ինը մարզիկով, երբ իրաւարարը երկու կարմիր քարտ տուաւ անոր մարզիկներուն:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ ՀՄԸՄ, 9 կէտով (4 մրցում) կը գրաւէ խմբակին երկրորդ դիրքը: Առաջին դիրքը 10 կէտով (5 մրցում) կը գրաւէ Ռայա:
CATEGORIES Մարզական

