Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Բնաւ մի՛ վախնաք նոր որոշումներ տալու, որովհետեւ ժամանակը արդէն ըսած է իր խօսքը եւ սպասելու ժամանակ չէ մնացած: Որոշեցէք շուտ եւ անվախ:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր ներքին ձայնը կ՛ըսէ ձեզի, որ ոչինչ ունիք աճապարելու. ուրեմն մի՛ աճապարէք, հանդարտ աշխատեցէք: Հետեւեցէք ձեր նախազգացումներուն:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր գործունէութեան մէջ դանդաղ ընթացք մը պիտի ըլլայ, բայց մի՛ ընկրկիք, այլ շարունակեցէք նոյն թափով: Փոքր պատճառ մը նկատի մի՛ առնէք: Քաջասիրտ եղէք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ուրիշներուն մօտենալու եւ բացուելու ջանք մը ըրէք, պիտի տեսնէք, թէ այդքան ալ  դժուար չէ: Հաղորդական եղէք ձեր գործերը չդժուարացնելու համար եւ` փորձառութիւն ձեռք ձգելու:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր բոլոր ուժերը եւ գիտութիւնը մի՛ սպառէք գործ մը աւարտելու համար: Պէտք ունիք դադար մը առնելու, նոր ուժ ամբարելու, որպէսզի աւելի արդիւնաւէտ աշխատանք ունենաք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Անմիջապէս վերսկսեցէք ձեր մոռցած մարզանքին: Շատ պիտի օգտուիք այս վարժանքները վերսկսելով: Մարզանքը կը նմանի ձեր շնչած օդին:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մի՛ մոռնաք անցեալի ձեր խոստումները եւ ապրած լաւ օրերը: Վերադարձէք ձեր նախկին օրերու իմաստութեան: Մանկամիտ մի՛ ըլլաք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Միջամուխ մի՛ ըլլաք ուրիշներու խնդրին, երբ ձեզի չի վերաբերիր: Մնացէք հանդարտ եւ շարունակեցէք ձեր աշխատանքը եռանդուն տրամադրութեամբ: Օրը ունի ուրախանալու պահեր:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Դրամական նեղութիւն կրնաք ունենալ  ամսուան վերջը, եթէ շարունակէք նոյն ձեւով մսխել կամ շատ ծախսել: Ուշադիր եղէք, խնայասիրութեամբ հոգացէք ձեր շահած գումարը:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Յառաջացէք ձեր աշխատանքով, ձեզի համար, բայց` ոչ ուրիշներու հաճելի թուելու համար: Օրը կը թելադրէ իմաստութիւն եւ բնական կեցուածք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ինչ գործի որ սկսած էք, շարունակեցէք եւ աւարտեցէք: Այսօրուան գործը վաղուան մի՛ ձգէք, որովհետեւ վաղը տարբեր պարտականութիւններ ունիք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեզի մօտիկ անձերէն շատ բան մի՛ ուզէք, որովհետեւ անոնք եւս կարիքը ունին օգնութեան կամ այլ հարցեր կարգադրելու: Պահանջկոտ մի՛ ըլլաք, գոհացէք ձեր ունեցածով:

Share this Article
CATEGORIES