50 Տարի Առաջ (3 Ապրիլ 1963)
Հայկական Կեանք
Հայաստանի Բոյսերը
Մեղրիի Սօսին Նշանաւոր Է
Եւ Քաղաքի Զարդն Է
Բնութեան յուշարձաններ են հազուագիւտ ծառի տեսակները ե բոյսերը, որոնք մնացած են երրորդական դարաշրջանէն:
Հայաստանի բնութեան հազուագիւտ նմուշներէն են շագանակենին, սօսին (չինարին), արջաախլենին, արեւելեան արմաւենին, արեւելեան հաճարենին, մրտավարդը եւ այլ բոյսեր, որոնցմէ մէկ քանին պատմութեան անցած են:
Հին Հայաստանը հարուստ է եղած նաեւ սօսիի (չինարի) անտառներով: Չինարին շատ սիրուած ծառ մը եղած է հայերուն համար` իբրեւ բարձրահասակ, ճիւղաշատ եւ գեղեցիկ ծառ:
Ներկայիս սօսիի պուրակ մը կայ Շիկահողի անտառին եւ Մթնաձորի կիրճին մէջ: Սօսի ծառի գեղեցիկ նմուշներ կան Մեղրի, Խոսրովի անտառ, Դիլիջան, Ստեփանաւան եւ այլ վայրերու մէջ:
Մեղրիի զարդերէն մէկն է քաղաքի պարտէզին չինարին, որուն բունը չափելու համար 7 մարդ թեւերը պարզած` օղակ պէտք է կազմեն: Ասիկա ամենամեծ չինարի ծառն է ամբողջ Հայաստանի մէջ, Դաւիթ Բէկի ժամանակ այդ ծառը երկու հարիւր տարեկան էր:
Հայաստանի հազուագիւտ ծառերէն են արեւելեան արմաւենին եւ հաճարենին:
Բնութեան յուշարձան է նաեւ հին դարերէն մնացած կովկասեան մրտավարդը, որ մասամբ գետնատարած ճիւղերով մշտադալար բոյս մըն է: Մրտավարդը ունի խոշոր, ճերմակ, երբեմն բաց վարդագոյն ծաղիկներ:
Հազուագիւտ ծառի տեսակներէն է կարմրածառը: Հայաստանի հիւսիսը, Դիլիջանի եւ Զանգեզուրի շրջաններուն մէջ կան մեծ տարածութեամբ կարմրածառի անտառներ: Այդ ծառերը ունին 30-50 մեթր բարձրութիւն, աւելի քան մէկ մեթր տրամագիծով: Կարմրածառը կ՛ապրի հազար տարիէն աւելի: Հին դարերուն այդ ծառերուն բնափայտէն կը պատրաստուէին հայկեան լայնալիճ աղեղները:
Հետզհետէ պատմութեան կ՛անցնին նաեւ սոճին եւ գինին, որոնք այժմ աննշան տարածութիւններ կը գրաւեն հայրենի բնութեան մէջ:
Տոմսեր
Տեղին Ու Անտեղին…
Հայրենակից մը ազգային հանդէսէ մը վերադարձին գրութիւն մը բերաւ եւ խնդրեց, որ հրատարակենք:
– «Հիանալի՜ հանդէս մըն էր, կարծես… հայկական չէր, այնքա՜ն խնամքով եւ ճաշակով պատրաստուած: Դժբախտաբար գրիչս տկարացած է վերջերս, եւ չեմ կրնար բուն բառերը գտնել տպաւորութիւններս յայտնելու համար: Դուք ալ վրան լաւ խօսքեր աւելցուցէք, մի՛ վախնաք»…
Յօդուածը ստորագրուած էր` «Յափշտակուած մը»:
– Ինչո՞ւ անունովդ չես ստորագրեր, բարեկա՛մ,- հարցուցի:
– «Յափշտակուած»-ը լա՜ւ տպաւորութիւն կը ձգէ. անունս կարեւոր չէ,- պատասխանեց կեղծ համեստութեամբ:
– Ամբողջ գրութիւնը արդէն յափշտակութիւն է, հետեւաբար «յափշտակուած»-ը աւելորդ եւ անտեղի կը դառնայ: Կարեւորը ա՛յն է, որ մարդիկ գիտնան, թէ ո՞վ է յափշտակուողը, գնահատողը: Մէկ խօսքով, կարեւոր է գիտնալ նա՛եւ ըսո՛ղը եւ ոչ թէ միայն ըսուածը:
***
Անանուն ու ծածուկ մնալը առաքինութիւն մըն է ապահովաբար` բարեսիրութեան մէջ:
Մեր այն հայրենակիցը, որ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին եւ քանի մը այլ ազգային կազմակերպութիւններու յիսուն հազար տոլարի գումար մը նուիրած էր կտակով, համեստութեան դաս մը կու տայ բոլորիս…
Շատո՜նց է, որ մոռցած ենք քրիստոնէական պատուէրը. «Աջիդ տուածը ձախդ չիմանայ»:
Մենք կ՛ուզենք, կարծես, ընդհակառակն, որ աջէն ձախէն ամէ՛ն մարդ իմանայ, երբ երկու տոլար կը նուիրենք բարի նպատակի մը:
… «Անհատի այս պաշտամունքը» արդարացնողներ կան, որոնք կ՛առարկեն. «Օրինա՜կ կը դառնայ, ուրիշնե՜ր ալ կը հետեւին իրեն»…
Որպէսզի ուրիշներ ալ հետեւին ազնիւ շարժուձեւի մը, ստիպողութիւն չէ անպայման յիշելը նուիրատուին անունը: Անունին չէ՛, որ պիտի հետեւին այդ պարագային, այլ` ԳՈՐԾԻ՛Ն:
***
Ատենին Ամմանէն հայրենակից մը կը գանգատէր… դամբանախօսներէն, որոնք կ՛ըսէր, «աժեմը-չաժեմը կը գովեն…»:
Արդարեւ, կը նայիք ողջերուն եւ կը յուսահատիք: Կը լսէք դամբանախօսները, եւ առանց ապշելու` կը լռէք…
Պառակտիչը, խառնակիչը, ամբարտաւանը կը մեռնին…: «Սքանչելի՜ մարդ էր» կ՛ըսեն` իր տասը թերութիւնները մոռնալով ու մէկ առաւելութիւնը ցոյց տալով…
Ազնիւ, պարկեշտ մարդ մը կը մեռնի, ու նոյնպէս կ՛արժանանայ առաքինութեան բրաբիոնին, այնպէ՛ս ու ա՛յն բառերով, որով անմահացուած էր անարժանը…
– Ամէն ինչ շրջուած է այս կեանքին մէջ,- կ՛եզրակացնէր մեր բարեկամը:
Սակայն, պիտի չզարմանանք, որովհետեւ մարդկայի՜ն է ամէն բան ու եղածը մեծ կարեւորութիւն ալ չի ներկայացներ, ինչպէս ըսած է Փիլիսոփան…
ԳԻՍԱՒՈՐ

