Ֆրանչիսկոս Ա. Պապի Ընտրութեան Լոյսին Տակ. Վատիկան` Հոգեւոր Մեծ Կեդրոնը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Պապի Ընտրութեան Ընթացքը`
Քոնքլաւը

Պենետիկտոս ԺԶ. պապի հրաժարումէն (28 փետրուար 2013) ետք, 12 մարտին, 115 կարտինալներու մասնակցութեամբ սկսաւ նոր պապի ընտրութեան քոնքլաւը: 13 մարտին, տեղական ժամով 19:06-ին Սիստինեան մատուռէն ճերմակ ծուխ բարձրացաւ եւ Պուէնոս Այրէսի արքեպիսկոպոս Խորկէ Մարիօ Պերկոլիօ Հռոմի 266-րդ պապ ընտրուելով Ֆրանչիսկոս Ա. անունը առաւ:

* * *

Կարտինալներուն մուտքը Սիստինեան մատուռ

Քոնքլաւը (լատիներէն` քում քլաւը. կը նշանակէ բանալիով) կարտինալներու հաւաքն է, որ պապի վախճանումէն ետք կը հրաւիրուի ընտրելու նոր պապ:

Սկզբունքով արական սեռէ ոեւէ մկրտուած կաթողիկէ հաւատացեալ կրնայ պապ ըլլալ: Աշխարհական  եղած է Յովհաննէս ԺԹ. պապը, կղերիկոս` Գրիգոր Ե. պապը, սարկաւագ` Պիոս Գ. եւ Լեւոն Ժ. պապերը: Առաջին պապերը կ՛ամուսնանային, որոնց վերջինն էր Ատրիանոս Բ. պապը (867-872):

Անցեալին կղերականներ եւ ժողովուրդ միասնաբար կ՛ընտրէին պապը: Լատերանի 769-ի որոշումով միայն եկեղեցականները կրնան պապ ըլլալ: Կարտինալներուն կողմէ պապ ընտրելու դրութիւնը հաստատուեցաւ 1059-ին: Իսկ քոնքլաւը սահմանուեցաւ 1274-ին, Լիոնի երկրորդ տիեզերական ժողովին: Պօղոս Զ. պապին օրով, 1975-ին սահմանուած օրէնքով ընտրութեան կրնան մասնակցիլ միայն այն կարտինալները, որոնք 80 տարիքը չեն բոլորած:

Քոնքլաւը տեղի կ՛ունենայ Վատիկանի Սիստինեան  մատրան մէջ: Կարտինալները կ՛առանձնանան, կ՛աղօթեն եւ երդում կ՛ընեն հաւատարիմ եւ գաղտնապահ ըլլալ: Տաճարին դուռերը կը կղպուին եւ կարտինալները արտաքին աշխարհին հետ ամէն յարաբերութենէ կը կտրուին: Երկու հոգի ներսը եւ երկու հոգի դուրսը իրենց մօտ կը պահեն բանալիները:

Քուէարկութիւնը տեղի կ՛ունենայ օրական չորս անգամ, երկուքը առաւօտուն եւ երկուքը յետմիջօրէին: Ընտրուողը քուէներուն երկու-երրորդը պէտք է ապահովէ, եթէ քուէարկող կարտինալներուն թիւը կարելի ըլլայ երեքով բաժնել. այլապէս ընտրուողը երկու-երրորդ առաւել մէկ քուէ պէտք է ապահովէ: Կարտինալները, շրջանակի շարուած, թիկնաթոռներու վրայ նստած կ՛ըլլան: Քուէաթուղթերուն մէջ ծածկագիրով կը գրեն եւ զայն երկայնքին կը ծալլեն: Այնուհետեւ իւրաքանչիւր կարտինալ, երիցագոյնէն սկսելով, կը յառաջանայ դէպի խորան, ուր զետեղուած արծաթեայ սկիհին մէջ կը նետէ իր քուէն, ապա ծնկաչոք կ՛աղօթէ եւ երդում կ՛ընէ որ իր քուէն անկեղծ է: Հաւաքուած քուէները կը համրուին եւ կը ճշդուին: Իւրաքանչիւր անարդիւնք  քուէարկութենէ ետք քուէաթուղթերը կը վառեն յատուկ վառարանի մը մէջ, հետը խոնաւ յարդ խառնելով, որպէսզի մատրան ծխնելոյզէն բարձրացող ծուխը սեւ ըլլայ: Սեւ ծուխը կը նշանակէ ապարդիւն քուէարկութիւն: Իսկ ճերմակ ծուխը, որ կը գոյանայ երբ քուէաթուղթերը առանձին վառուին, կը նշանակէ թէ հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցւոյ նոր պապը ընտրուած է:

Երբ նոր պապը ընտրուի, անունը կը յայտարարուի: Կարտինալները, բացի ընտրուողէն, իրենց թիկնաթոռներուն մօտ գտնուող չուանները կը քաշեն ու հովանիները ցած կ՛իջեցնեն: Միայն նորընտիրին հովանին նոյն դիրքին վրայ կը մնայ:

Երէց կարտինալը նորընտիրին կը հարցնէ թէ կ՛ուզէ՞ ընդունիլ այս պաշտօնը եւ ի՞նչ անունով կ՛ուզէ կոչուիլ: Նորընտիրը ինք կ՛որոշէ իր անունը: Ան պապ կը համարուի այն պահուն, երբ հաւանութիւն տայ: Ձկնորսի մատանին կը սահեցնեն մատին եւ ան կը յայտնէ իր նոր անունը: Ան նստած կը մնայ թիկնաթոռին վրայ եւ կարտինալները կարգով կու գան իրենց մեծարանքը տալու անոր: Ապա ան պապական ճերմակ սքեմը կը հագնի: Երէց կարտինալը, դուրս գալով, ժողովուրդին լատիներէն կը յայտնէ. «Մենք պապ մը ունինք»: Ապա պապը պատշգամ ելլելով կու տայ իր անդրանիկ օրհնութիւնը:

Յաջորդող օրերուն տեղի կ՛ունենայ պապին գահակալութիւնը: Պապը կրնայ որոշել իր գահակալութեան վայրը: Ընդհանրապէս գահակալութեան արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ:

Պապը ուսամբարձ գահով կը տարուի գահակալութեան վայրը: Պապը կամ իր ներկայացուցիչը կը պատարագէ, որմէ ետք երէց կարտինալ-սարկաւագը եռաշարք թագը պապի գլխուն զետեղելով կը յայտարարէ, թէ «Պապը հայրն է իշխաններու եւ թագաւորներու, տէրն է այս աշխարհին եւ տեղապահ` մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի»: Գահակալութեան արարողութեան աւարտին պապը կ՛օրհնէ իր հաւատացեալ հօտը:

Վատիկան

Պապին պալատը

Վատիկան կը գտնուի Հռոմ քաղաքին արեւմտեան մասին մէջ, Թեւերէ (լատիներէն` Թիպերիս) գետին արեւմուտքը եւ 44 հեկտար տարածութիւն ունի: Անիկա չորս կողմէն շրջապատուած է Հռոմ քաղաքով. սահմաններուն երկայնքը 4070 մեթր է:

Վատիկան իր անունը ստացած է Թեւերէ գետի ափին գտնուող Վատիկան բլուրի անունէն: Աւանդութեան համաձայն, Պետրոս առաքեալ հոն նահատակուած ու թաղուած է, եւ իբրեւ հաւատքի վկայարան, նուիրական սրբավայրի վերածուած ու ամբողջ կաթողիկէ աշխարհին հոգեւոր կեդրոնը դարձած է Վատիկան:

Վատիկան անցեալի պապական պետութենէն մնացած շրջանն է: Քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակումէն ետք, Դ. դարուն, Հռոմի կայսրերը ընդարձակ կալուածներ նուիրեցին պապերուն` Հռոմի շրջանին մէջ. այդ կալուածները Սուրբ Պետրոսի ժառանգութիւն կը կոչուէին: Պապական պետութիւնը կազմուեցաւ Ը. դարուն, երբ ֆրանքներու Փեփին Գ. Կարճահասակ թագաւորը 754-ին պապին նուիրեց Հռոմի մարզը եւ անոր շրջակայքը, իսկ 756-ի Փաւիայի դաշինքով Լոմպարտայի թագաւորը ընդարձակ հողեր շնորհեց պապին` կեդրոնական եւ հիւսիսային Իտալիոյ մէջ:

1849 փետրուար 9-ին պապին իշխանութիւնը տապալեցաւ եւ հռչակուեցաւ Հռոմի հանրապետութիւնը: Պապը Հռոմէն հեռացաւ եւ Կաէթէ ապաստանեցաւ: Յեղափոխութեան պարտութենէն եւ Հռոմի հանրապետութեան տապալումէն ետք պապին իշխանութիւնը վերականգնեցաւ:

1861-ին սկսաւ Իտալիոյ միաւորման պայքարը.  1870 սեպտեմբեր 20-ին Կարիպալտիի ուժերը գրաւեցին Հռոմը եւ պապական պետութիւնը, իր 44,000 քառ քմ. (նախապէս` 67,759 քառ. քմ.) տարածութեամբ եւ երեք միլիոն բնակչութեամբ, մտաւ միաւորուած Իտալիոյ թագաւորութեան կազմին մէջ: Պապը չճանչցաւ միացեալ Իտալիան եւ ինքզինք յայտարարեց «Վատիկանի կալանաւոր»: Վէճը լուծուեցաւ 1929 փետրուար 11-ին, Լատերանի դաշնագիրով, երբ ստեղծուեցաւ պապական փոքր պետութիւնը` կաթողիկէ եկեղեցւոյ կեդրոն Վատիկանի շրջագիծին մէջ:

* * *

Սուրբ Պետրոսի տաճարը

Վատիկանի ճարտարապետութեան միջուկը Ս. Պետրոսի տաճարն է: Ունի 15.160 քառ. մեթր տարածութիւն, երկայնքը     ` 220 մեթր, լայնքը` 150 մեթր եւ բարձրութիւնը` 132.5 (առաւելագոյնը` 138) մեթր, եւ կառուցուած է Ս. Պետրոս առաքեալի դամբարանին վրայ:

Հռոմի քրիստոնեայ առաջին կայսրը` Կոստանդին, Դ. դարուն տաճար մը կառուցեց հոն, ուր կը հաւատային, թէ թաղուած է Ս. Պետրոս առաքեալ: Ներկայ տաճարը սկսաւ կառուցուիլ 1506-ին եւ ամբողջացաւ 1614-ին: Անոր ճարտարապետները եւ նկարազարդողները եղան Տոնաթօ Պրամանթէ, Միքելանճելօ, Ճիան Լորենցօ Պեռնինի, Քարլօ Մատերնօ եւ այլ աշխարհահռչակ արուեստագէտներ: Տաճարին մէջ թաղուած են շատ մը սուրբեր, պապեր, թագաւորներ, թագուհիներ եւ իշխաններ: Տաճարին մէջ կան արուեստի գլուխ գործոց սրբանկարներ եւ քանդակներ, որոնց գլխաւորը Միքելանճելոյի «Ողբ առ Քրիստոս» մարմարակերտ քանդակն է:

 

* * *

Վատիկանի հանդիսաւոր մուտքը Ս. Պետրոսի սիւնազարդ հրապարակն է (Փիացցա Սան Փիեթրօ), որ կը գտնուի Ս. Պետրոսի տաճարին արեւելքը. անիկա կառուցուած է 1657-1663 տարիներուն եւ երկու քառակարգ մեծ սիւնաշարերով պարփակուած է. անոր ճարտարապետն է Պեռնինի: Հրապարակին մէջտեղ կը գտնուին եգիպտական չորս հազար տարուան հնութիւն ունեցող կոթող մը եւ շատրուաններ: Հրապարակին վրայ, տօնական օրերուն, աւելի քան 200 հազար ժողովուրդ կը հաւաքուի:

* * *

Վատիկանի երկրորդ մեծագոյն տաճարը` Սիստինեան մատուռը իր անունը ստացած է  Սիքսթոս Դ. (1414-1484) պապին անունէն, որուն օրով, 1473-էն սկսեալ, զայն կառուցած է Ճիովաննի տէ Տոլչի: Ունի հազուագիւտ սրբանկարներ ԺԵ. դարու մեծ արուեստագէտներէն, մանաւանդ` Միքելանճելոյէն, որ պատկերած է Արարչագործութեան տեսիլքը, Ադամի եւ Եւայի պատմութիւնը եւ Ջրհեղեղը: Այս սրբանկարներու գծագրութեան աւարտէն 22 տարի ետք Միքելանճելօ վերադարձաւ եւ պատկերեց Վերջին Դատաստանը` զոհասեղանի պատերուն առջեւ: Անիկա կը նկատուի աշխարհի ամէնէն հզօր եւ ահարկու սրբանկարներէն մէկը:

 

 * * *

Պապին պալատը, ծանօթ` Առաքելական պալատ (Փալացցօ Ափոսթոլիքօ) անունով, կը գտնուի Սիստինեան մատրան կողքին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին հիւսիս-արեւելեան կողմը:

Վատիկանի մէջ առաջին անգամ Ս. Սիմմաքոս պապը (498-514) կառուցեց եպիսկոպոսական երկու բնակարաններ, այնուհետեւ Շալըմանյը Ս. Պետրոսի հիւսիսը կառուցեց Փալաթիում Քարոլինը, որպէսզի Հռոմ ղրկուող իր պատուիրակները հոն իջեւանէին: Ներկայ պալատը կառուցուած է ԺԵ. – ԺԶ. դարերուն եւ 55 հազար քառ. մեթր տարածութիւն ունի: Այդ թուականէն ի վեր բոլոր պապերը հոն կը բնակին:

Պալատի շրջափակին մէջ կը գտնուի Ս. Տամասօ բակը: Բակին յարակից շէնքերը կառուցած է Գրիգոր ԺԳ. պապը (1572-1585), որուն սենեակները նկարազարդած են Անթոնիօ Թեմփեսթա եւ Մաթիս Պրիլ, ինչպէս նաեւ` Քարտէսներու պատկերասրահը, որուն ճարտարապետն է Օթթաւիանօ Մասքերինօ, իսկ իտալական շրջաններու քարտէսները գծեց Իկնացիօ Տանթի:

Ս. Տամասօ բակին արեւելեան շէնքը կառուցուած է Սիքսթոս Ե. պապին օրով, Տոմենիքօ Ֆոնթանայի կողմէ:

* * *

Վատիկանի մատենադարանը

Վատիկան պարսպապատ է եւ վեց մուտք ունի. մուտքերէն Փիացցա եւ Արքօ տէլ Քամփան (զանգակներու կամար) Ս. Պետրոսի տաճարին դիմացը, անոր արեւելքը կը գտնուին: Մուտք մը կայ հիւսիսային պատէն, որ դէպի Վատիկանի թանգարանը կը տանի եւ բաց է ժողովուրդին առջեւ:

Պարիսպները կառուցուած են Լեւոն Գ. (795-816), Լեւոն Դ. (847-855) եւ Եւգինէոս Գ. (1145-1153), պապերուն օրով, իսկ Իննովկենտիոս Գ. (1198-1216) արդիականացուց զանոնք եւ երկրորդ պարիսպ մը կառուցեց: Այնուհետեւ, Վերածնունդի շրջանին, Նիկողայոս Ե. պապը (1447-1455) վերակառուցեց պալատին հիւսիսային եւ արեւմտեան պատերը:

Վատիկանի պարտէզները 23 հեկտար տարածութիւն ունին եւ աղբիւրներով ու քանդակներով զարդարուած են:

 

* * *

Ս. Պետրոսի տաճարէն եւ Սիստինեան մատուռէն զատ, Վատիկան ունի նաեւ այլ մատուռներ: Ս. Աննայի մատուռը կը գտնուի պապի պալատին կողքին եւ Վատիկանի ծխական եկեղեցին է:

Սալա Ռեճա եւ Պօղոսեան մատուռները կառուցուած են Պօղոս Գ. պապին օրով (1534-1550). Պօղոսեան մատուռը նկարազարդեց Անթոնիօ տա Սանկալլօ Կրտսեր, իսկ Միքելանճելօ 1542-1550 տարիներուն հոն պատկերեց Ս. Պետրոսի նահատակութիւնը եւ Ս. Պօղոսի շրջադարձութիւնը: Սալա Ռեճա մատուռը նկարազարդեցին նկարիչներ Ճորճօ Վասարի, Թատէօ Զուքարօ եւ Տանիէլ տա Վոլթերրա:

Ս. Ստեփան, Ս. Պետրոս եւ Ս. Միքայէլ փոքր մատուռները նկարազարդած է Վասարի, իսկ Զուիցերիական Պահակներու մատուռը` Ճիուլիօ Մացցոնի եւ Տանիէլ տա Վոլթերա, Պիոս Ե. (1566-1572) պապի օրերուն:

Պիոս Դ. պապի (1559-1566) քազինոն ձեռակերտն է Փիրրօ Լիճորիոյի եւ Ճիովաննի Սալուսթիօ Փերուցցիի. անիկա ներկայիս Պապական գիտութեան ակադեմիայի կեդրոնն է:

Ուրբանոս Ը. (1623-1644) պապին ժամանակ, Պարոքի շրջանին, կառուցուեցաւ Մաթիլտայի մատուռը, զոր նկարազարդեց Փեթրօ տա Քորթոնա:

Ալեքսանտր Է. (1655-1667) պապին օրով Պեռնինի կառուցեց Սքալա Ռեճան (թագաւորական սանդուխք), որ Ս. Պետրոսի տաճարէն Սիստինեան մատուռը կը տանի:

* * *

Վատիկանի մատենադարանը հիմնուած է ԺԵ. դարուն, Եւրոպայի ամէնէն հին մատենադարանն է եւ աշխարհի մեծագոյն մատենադարաններէն մէկը: Անիկա շարունակութիւնն է Հռոմի եպիսկոպոսներու կառուցած առաջին մատենադարանին:

Մինչեւ ԺԳ. դար քիչ բան գիտենք անոր մասին. մինչեւ Նիկողայոս Ե. քիչ բան մնացած է անոր մատեաններէն: Մատենադարանը մեծապէս ճոխացաւ օսմանցիներու կողմէ Պոլսոյ գրաւումէն (1453) ետք, երբ Հռոմ ձեռք ձգեց Պոլսոյ կայսերական մատենադարանին հաւաքածոներուն մնացորդները:

Սիքսթուս Դ. (1471-1484) եւ Յուլիոս Բ. (1503-1513) պապերը ընդարձակեցին մատենադարանը, իսկ Սիքսթուս Ե. (1585-1590) պապին օրով ճարտարապետ Տոմենիքօ Ֆոնթանա կառուցեց մատենադարանին ներկայ շէնքը:

Մատենադարանը ներկայիս ունի իննսուն հազար ձեռագիր մատեաններ, ընդհանրապէս` լատիներէն եւ յունարէն, որոնց մէջ` հազուագիւտ ձեռագիրներու հաւաքածոներ, եօթը հազար հատոր հին հրատարակութիւններ եւ մօտաւորապէս երկու միլիոն հատոր գիրքեր:

 

 

Share this Article
CATEGORIES