Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Աճառեանի Անուան Լեզուի Հիմնարկը
Եւ
«Ազդակ» Պիտի Համագործակցին

27 մարտին, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիան Հ. Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկին մէջ հիւրընկալուած է «Ազդակ»-ի տնօրէն գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան: Ան հիմնարկի գիտաշխատողներուն ներկայացուցած է  օրաթերթի անցած ուղին, ներկայ խնդիրներն ու ապագայի ծրագիրները:

Պատասխանելով լեզուաբաններու հարցումներուն` Գանտահարեան անդրադարձած է լիբանանահայութեան առջեւ դրուած խնդիրներուն, մարտահրաւէրներուն եւ հայապահպանութեան ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերուն:

Լեզուի հիմնարկի տնօրէն Վիքթոր Կատվալեան յայտնած է, որ 2013-ին կ՛աւարտի գիտական հաստատութեան հիմնադրման 70-ամեակը, ներկայացուցած է տասնամեակներու ընթացքին հիմնարկի գիտաշխատողներուն ձեռքբերումները հայերէնագիտութեան մարզին մէջ եւ ներկայիս կատարուող հետազօտական աշխատանքներուն հիմնական ուղղութիւնները: Ան նաեւ նշած է, որ աշխատանքները ծաւալուած են արեւմտահայերէնի վիճակը եւ գրական արեւմտահայերէնի համակարգը ուսումնասիրելու, կանոնարկման հոլովոյթներուն գործուն մասնակցութիւն ունենալու ուղղութիւններով:

«Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիրը լեզուի հիմնարկի գիտաշխատողներուն շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ սիրով ընդունած է համագործակցելու հրաւէրը:

Թատրոնի Միջազգային Օրուան Առիթով
Պարգեւատրումներ

Թատրոնի միջազգային օրուան առիթով 27 մարտին Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան Ազգային ժողովի պատուոյ մետալներով պարգեւատրած է մշակութային կեանքին մէջ իրենց աւանդը ունեցած գործիչներ: Պարգեւատրուած են` Սօս Սարգսեանը, Վարդուհի Վարդերեսեանը, Երուանդ Ղազանչեանը, Լէյլի Խաչատրեանը, Մարգօ Մուրադեանը, Էվելինա Շահինեանը, Ալեքսանդր Գրիգորեանը, Կամօ Յովհաննիսեանը, Սիլվա Եուզպաշեանը, Բարսեղ Թումայեանը եւ Գեղանոյշ Սայադեանը:

Պատուոյ եւ շնորհաւորական գիրերով պարգեւատրուած են նաեւ շուրջ հինգ տասնեակ գործիչներ:

Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Յ. Աբրահամեան յայտնած է, որ թատրոնը հայ ժողովուրդի մշակութային մեծագոյն արժէքներէն մէկն է, որ պէտք է մնայուն կերպով զարգանայ, ինքնահաստատուի եւ ինքնադրսեւորուի: «Կ՛ըսեն, թէ թատրոնը արուեստի տաճար է: Մեր թատրոնի աւելի քան 2000-ամեայ պատմութիւնը կը վկայէ, որ մենք խնամքով կը պահենք այդ տաճարը: Անիկա մեզի համար ազգային մշակութային արժէք է, մեր խօսուն արժեքարտերէն մէկը` արտաշատեան առաջնաբեմէն մինչեւ ներկայիս մայր թատրոն», նշած է ան: Ազգային ժողովի նախագահը դիտել տուած է, որ այս բոլորին մէջ իրենց ուրոյն եւ մեծ դերակատարութիւնը ունին թատերական գործիչները, որոնք շնորհաւորելի են իրենց նուիրուածութեամբ, տարած աշխատանքով, հասարակութիւնը եւ աշխարհը աւելի հանդուրժող, աւելի բարեացակամ եւ աւելի մարդկային դարձնելուն համար:

Թատերական գործիչներու անունով խօսք առած եւ Ազգային ժողովի նախագահին այս նախաձեռնութեան համար շնորհակալութիւն յայտնած է Երուանդ Ղազանչեան:

Նկատի ունենալով, որ առողջական հարցերու պատճառով Սօս Սարգսեան չէր կրցած անձամբ երթալ եւ ստանձնել իր պարգեւը, Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան այցելած է նշանաւոր արուեստագէտ-դերասանին եւ անոր յանձնած է Ազգային ժողովի պատուոյ մետալը:

Հին Ջուղայի Քանդուած Խաչքարերուն
Կրկնօրինակները
Հայաստանի Մէջ

Վերջերս լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, հայագէտ, նախիջեւանագէտ Արգամ Այվազեան յայտնած է, որ անհատ խաչքարագործներու նախաձեռնութեամբ Հայաստանի մէջ կը պատրաստուին Հին Ջուղայի աւերուած խաչքարերուն կրկնօրինակները: Ըստ անոր, Հայաստանի մէջ խաչքարագործութիւնը կը զարգանայ, սակայն նոր խաչքարերը ունին բոլորովին այլ զարդանաշխեր, եւ պահպանուած չեն նախապէս եղած ձեւերը: «Խաչքարային արուեստը լաւ ուսումնասիրուած չէ, եւ այդ նիւթով գիտական աշխատութիւնները քիչ են: Ուսումնասիրուած զարդանախշերով այսօր քանդակագործները կը պատրաստեն Ջուղայի խաչքարերուն կրկնօրինակները», նշած է Ա. Այվազեան: Նշենք, որ արդէն պատրաստուած է 30-40 խաչքարի կրկնօրինակ:

Խաչքարագործ Վարազդատ Համբարձումեան համոզուած է, որ անհրաժեշտ է ստեղծել խաչքարագործութեան դպրոց եւ դեռահասներուն սորվեցնել աւանդական այս արուեստը: «Ի վերուստ հայ մարդու մէջ կայ սէրը քարի եւ խաչքարագործութեան նկատմամբ: Այժմ կարեւոր է աւելի խորացնել գիտելիքները խաչքարագործութեան մասին», յայտնած է Վ. Համբարձումեան: Ան նշած է նաեւ, որ թէեւ կան շարք մը խաչքարագործներ, սակայն անոնց թիւը պէտք է բազմանայ:

«Սինոփսիս Արմէնիա»-ն Եւ «Ղարաբաղ Տելեկոմ»-ը
Կը
Գործակցին Արցախի Պետական Համալսարանին Հետ

«Սինոփսիս Արմէնիա» եւ «Ղարաբաղ Տելեկոմ» ընկերութիւնները կը համագործակցին Արցախի պետական համալսարանին հետ` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կապի միջոցներու մանրաելեկտրոնային ծրագիրներու եւ համակարգերու կրթութեան խթանման նպատակով: Այս առիթով անոնց միջեւ համաձայնագիր ստորագրուեցաւ 29 մարտին: Կիրառելով արտադրութիւն-համալսարան կրթական համագործակցութեան ընդունուած չափանիշը` ծրագիրը կարելիութիւն պիտի տայ Լեռնային Ղարաբաղի մարդուժի շուկային տրամադրել լաւապէս պատրաստուած շրջանաւարտներ, որոնք օժտուած պիտի ըլլան ժամանակակից պահանջները բաւարարող գիտելիքներով եւ գործնական հմտութիւններով: Համաձայնագիրի ծիրին մէջ Արցախի պետական համալսարանին մէջ պիտի ստեղծուի «Կապի միջոցների միկրօելեկտրոնային սխեմաներ եւ համակարգեր» մասնագիտութեամբ պսակաւոր գիտութեանց եւ մագիստրոսական  ծրագիրներով կրթութիւն փոխանցող «Միկրօելեկտրոնային սխեմաներ եւ համակարգեր» համահամալսարանական ամպիոնը, որ օժտուած պիտի ըլլայ գերժամանակակից ծրագրային գիտելիքներու կառուցուածքով: Անիկա պիտի համալրուի միջազգային բարձրագոյն չափանիշները բաւարարող կրթական ծրագիրներով եւ ուսումնական նիւթերով, ինչպէս նաեւ «Սինոփսիս Արմէնիա»-ի Ուսումնական բաժանմունքին մէջ վերապատրաստուած որակեալ դասախօսներով:

«Ղարաբաղ Տելեկոմ»-ի կողմէ յատկացուած 28 միլիոն դրամի աջակցութեամբ, համաձայնագիրի ծիրին մէջ արդի ու ուսումնական պահանջներու եւ չափանիշներու համապատասխան  պիտի կահաւորուի եւ արդիական համակարգչային սարքերով օժտուի համալսարանին կողմէ տրամադրուած համապատասխան լսարանը, պիտի վճարուի ամպիոնի դասախօսական կազմի աշխատավարձը եւ պիտի կատարուին այլ վճարումներ:

«Սինոփսիս Արմէնիա»-ն համալսարանին անվճար պիտի տրամադրէ համապատասխան մասնագիտացմամբ որակեալ մասնագէտներ պատրաստելու անհրաժեշտ «Սինոփսիս» ընկերութեան ծրագրային գործիքներու ծրարներ, որոնք պիտի ընդգրկեն կրթական ծրագիրին համապատասխան ամէն տեսակի ուսումնասիրութիւններ, թղթածրարներ:

Ստեղծուելիք համապատասխան ամպիոնին մէջ լաւ արդիւնքներ ապահովող ուսանողներուն յաւելեալ կարելիութիւններ ու առիթներ պիտի տրուին իրենց ուսումը կատարելագործելու, ինչպէս նաեւ յարմար աշխատանքներ գտնելու:

«Հիմնադրման օրէն, «Ղարաբաղ Տելեկոմ»-ը խրախուսած է բոլոր այն նախաձեռնութիւնները, որոնք նոր կարելիութիւններու եւ նուաճումներու ուղի կրնան հարթել Արցախի երիտասարդ սերունդին առջեւ: Տեղեկատուական եւ հաղորդակցական արհեստագիտութեան ոլորտը Արցախի տնտեսական զարգացման գերակայ ուղղութիւններէն է, եւ մենք պէտք է կարելի բոլոր միջոցներով աջակցինք այդ ոլորտի աշխուժացման: «Միկրօելեկտրոնային սխեմաներ եւ համակարգեր» ամպիոնի ստեղծումը կը նպաստէ ՏՀՏ ոլորտի զարգացման, համաշխարհային հարթակի վրայ Արցախի վարկանիշի հետագայ ամրապնդման, ինչպէս նաեւ երիտասարդութեան մէջ հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ այդ ոլորտին հանդէպ: «Ղարաբաղ Տելեկոմ»-ը կը գիտակցի,  որ ՏՀՏ ոլորտի զարգացումը կը խթանի Արցախի տնտեսութեան ինքնաբաւ եւ երկարաժամկէտ զարգացման համար անհրաժեշտ միջավայրի ստեղծման», դիտել տուած է «Ղարաբաղ Տելեկոմ»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը:

«Սինոփսիսը, որպէս համաշխարհային յառաջատար ընկերութիւն` կը համագործակցի աշխարհի աւելի քան 1300 համալսարաններու հետ` ՀՊՃՀ, ԵՊՀ, ՀՌՀ եւ Եւրոպական տարածաշրջանային ակադեմիան գլխաւորներն են: Արցախի համալսարանի հետ համագործակցութիւնը մանրաելեկտրոնային  բնագաւառին մէջ բարձրորակ մարդուժի  պատրաստութեան իւրօրինակ նախաձեռնութիւն է, որ բացառիկ նշանակութիւն կ՛ունենայ հանրապետութեան մէջ նորարարական միջավայրի ձեւաւորման առումով», նշած է «Սինոփսիս Արմէնիա»-ի տնօրէն Յովիկ Մուսայելեանը:

«Սինոփսիս Արմէնիայի Ուսումնական բաժանմունքը առաւելագոյնս պիտի աջակցի Արցախի պետական համալսարանին մէջ «Կապի միջոցների միկրօէլեկտրոնային սխեմաներ  եւ համակարգեր» մասնագիտութեան բարձրորակ մասնագէտներու պատրաստման գործընթացին նպատակ ունենալով Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան մէջ մանրաելեկտրոնային  ասպարէզի զարգացումը», դիտել տուած է «Սինոփսիս Արմէնիա»-ի Ուսումնական բաժանմունքի տնօրէն, փրոֆ. Վազգէն Մելիքեանը:

«Ինչպէս յայտնի է, «Սինոփսիս Արմէնիա» ընկերութիւնը ներդրումներ կը կատարէ այդ բնագաւառի կրթութեան ոլորտին մէջ եւ յաջողած համագործակցութեան ծրագիրներ կը գործադրէ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ կարգ մը համալսարաններուն մէջ», ըսած է Արցախի պետական համալսարանի ղեկավար փրոֆ. Ստեփան Դադայեանը:  «Մենք շատ ուրախ ենք, որ «Ղարաբաղ Տելեկոմ»-ի առատաձեռն հովանաւորութեան, ինչպէս նաեւ «Սինոփսիս»-ի ելեկտրոնային նախագծման ծրագրային գործիքային միջոցներու եւ կրթական աջակցութեան շնորհիւ այդ համալսարաններուն կարգին աւելցաւ Արցախի պետական համալսարանը: Այսօր համաձայնագիրի ստորագրութեամբ մենք մեծ գործընթացի առաջին քայլը կ՛առնենք, որ էական նշանակութիւն պիտի ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան ընկերային-տնտեսական զարգացման իմաստով», յայտնած է ան:

«Եւրոտեսիլ»-ի Մասնակից Գոռ Սուջեանի
Երգի
Տեսահոլովակը Պատրաստ Է

«Դորիանս» ռոք խումբի մեներգիչ Գոռ Սուջեան, որ Հայաստանը պիտի ներկայացնէ այս տարուան «Եւրոտեսիլ» երգի մրցումին, կը հաւատայ, որ իր երգը կարեւոր ուղերձ կը պարունակէ, եւ յոյս ունի, որ անիկա կը հասնի եւ կը դպչի ամբողջ Եւրոպայի ունկնդիրներուն սրտերուն:

«esctoday.com»-ին տրուած հարցազրոյցին ընթացքին 25-ամեայ երգիչը յայտնած է, որ «Լոնլի Փլանեթ» երգը միայն Երկիր մոլորակին մասին չէ. «Այլ մեր բոլորին մասին է: Մենք կը կարծենք, որ իւրաքանչիւր անձ ունի իր սեփական ներքին առանձին մոլորակը: Եւ եթէ կը կամենանք աւելի լաւ աշխարհի մէջ ապրիլ, մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է ինքնիրեն այնպէս պահէ, որ աշխարհը աւելի լաւ վայր մը դարձնէ», նշած է ան:

«Լոնլի Փլանեթ»-ը ռոք ոճի երգ է, որուն համահեղինակը «Պլեք Սապաթ» խումբի կիթառահար Թոնի Այոմին է: Նշանաւոր կիթառահարը նաեւ գովեստով արտայայտուած է Սուջեանի ձայնին եւ երգի կատարման մասին` զրուցելով բրիտանական լրատուամիջոցներուն հետ:

Բանաստեղծութեան Պուրակ Երեւանի Մէջ

Բանաստեղծութեան միջազգային փառատօնի ծիրին մէջ ապրիլին Երեւանի մէջ բացումը պիտի կատարուի բանաստեղծութեան պուրակին: Վերջերս տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան նշեց, որ պուրակը պիտի ըլլայ կայանալիք փառատօնին մնայուն արժէքներէն մէկը:

«Մօտաւորապէս 30 երկիրներէ Երեւան եկող հիւրերը պիտի տնկեն մէկական ծառ: Պուրակին մէջ պիտի կատարուին տարատեսակ  ձեռնարկներ: Բանաստեղծութեան պուրակը  կը համարեմ կայանալիք փառատօնի մնայուն արժէքներէն մէկը», յայտնեց Լ. Անանեան: Անոր համաձայն, Երեւանի կեդրոնին մէջ բանաստեղծութեան պուրակի ստեղծման նախաձեռնութիւնը ի՛րն է, իսկ պուրակի բացումը դժգոհութիւն յառաջացուցած է կարգ մը երիտասարդ գործիչներուն կողմէ:

«Բանաստեղծութեան պուրակը, բնականաբար, պէտք է ըլլայ քաղաքի կեդրոնին մէջ եւ  ունենայ բացօթեայ հարթակ, որպէսզի տարբեր սերունդներու մեր գրողները կարողանան ազատօրէն ընթերցել իրենց բանաստեղծութիւնները, եւ անմիջական շփումներու միջավայր ստեղծուի: Պուրակը պիտի կայացուի կամ Մաշտոցի պողոտային յարող պուրակին կամ ալ Օղակաձեւ այգիին մէջ», նշեց Լ. Անանեան:

Հաղորդենք, որ Երեւանի մէջ 19 ապրիլին բացումը պիտի կատարուի Բանաստեղծութեան միջազգային փառատօնին, որուն պիտի մասնակցին աշխարհի մօտաւորապէս 30 երկիրներէ 50-է աւելի անուանի գրողներ:

Անանեան դիտել տուաւ, որ փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ երկու գրողներ Թուրքիայէն` Արթուր Պարամօղլուն եւ ազգութեամբ քիւրտ Իրֆան Պապաօղլուն: Ան նշեց, որ շուրջ հինգ ցամաքամասէ մասնակից ընդգրկող միջազգային փառատօնին ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ Նոպէլեան մրցանակի յաւակնորդ գրող Ատոնիսը` Լիբանանէն: Բանաստեղծութեան միջազգային փառատօնին մասնակցող գրողներուն մօտաւորապէս 100 ստեղծագործութիւններ պիտի ամփոփուին անգլերէն եւ հայերէն զուգադիր թարգմանութեամբ գիրքի մէջ: Յիսուն-յիսուն յարաբերակցութեամբ, բացի արտասահմանցի հեղինակներէն, տպագրուող գիրքին մէջ տեղ պիտի գտնեն նաեւ Արցախի եւ սփիւռքի հեղինակներու ստեղծագործութիւնները:

Հանդիսաւորութեամբ Նշուեցաւ Գաբրիէլ Սունդուկեանի
Անուան
Ազգային Ակադեմական Թատրոնի 90-ամեակը

Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնի 90-ամեակին նուիրուած յոբելենական հանդիսաւոր երեկոն կայացաւ մարտ 29-ին: Հանդիսութեան ներկայ էր Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան իր կնոջ` Ռիթա Սարգսեանի ուղեկցութեամբ, գործադիր եւ օրէնսդիր մարմիններու ներկայացուցիչներու, մշակութային-հասարակական գործիչներու, արուեստասէր հասարակութեան եւ այլ անձնաւորութիւններու:

Յոբելենական հանդիսութեան առանցքը կազմեց թատերականացած հանդիսութիւնը, որ կառուցուած էր թատրոնի վերջին տասնհինգ տարիներուն բեմադրուած խաղացանկային ներկայացումներու վրայ` տարբեր ներկայացումներէ հատուածաբար իրարու յաջորդող փոխկապակցուած տեսարաններով:

Մայր թատրոնի տնօրէն Ստեփան Դաւթեան դժուարացաւ թատրոնի պատմութենէն առանձնացնելու  հետաքրքրական դրուագ մը կամ նշել, թէ ո՛ր ժամանակաշրջանն է ամէնէն յաջողը: «Բոլոր ժամանակներուն ալ եղած են մեծ ներդրումներ: Աճէմեան, Փափազեան, Ներսիսեան, Խորէն Աբրահամեան, Մետաքսեայ Սիմոնեան. բոլորը տիտաններ էին», ըսաւ տնօրէնը:

Թատրոնի գլխաւոր բեմադրիչ Տիգրան Գասպարեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած էր, որ ինչպէս ամբողջ աշխարհին մէջ, Սունդուկեանի անուան թատրոնի երազանքը եւս` շատ հանդիսատես ունենալն է: «Այսօր շատ բարդ է տոմս վաճառելը: Ուղղակի կը փափաքէի, որ հանդիսատեսը ո՛չ միայն թատրոնը, այլեւ ընդհանրապէս արուեստը աւելի շատ սիրէր», ընդգծած է ան:

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը
Ֆրանսական
Համալսարանին Մէջ Մասնակցեցաւ
«
Ֆրանսախօսութեան Կարելիութիւնը Հայաստանի Համար»
Համաժողովին

Մարտ 27-ին, արտաքին գործոց նախարար Նալբանդեան ելոյթ ունեցաւ Ֆրանսական համալսարանին մէջ կայացած «Ֆրանսախօսութեան կարելիութիւն Հայաստանի համար» համաժողովին, որուն ներկայ էին Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, հայկական յառաջատար համալսարանները ներկայացնող դասախօսներ եւ ուսանողներ:

Նախարար Նալբանդեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ պատիւը ունեցած է առաջին քայլերուն ձեռնարկելու Հայաստանի եւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան  միջեւ յարաբերութիւններու հաստատման գործընթացին մէջ: Յիշեցնենք, որ Հայաստան 2006 թուականին դարձաւ կազմակերպութեան դիտորդ, այնուհետեւ 2008-ին` կից անդամ եւ ի վերջոյ 2012-ին` լիիրաւ անդամ:

«Կինշասայի մէջ կայացած Ֆրանսախօսութեան վեհաժողովին Հայաստանի  լիիրաւ անդամակցութեամբ` նոր էջ բացուեցաւ ֆրանսախօս աշխարհի հետ մեր յարաբերութիւններուն: Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութիւնը մեզի համար փոխշփումներու նոր հարթակ կը հանդիսանայ աշխարհի հինգ մայր ցամաքամասերուն մէջ գտնուող ֆրանսախօս երկիրներու հետ` քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային համագործակցութեան բնագաւառներուն մէջ» , յայտնեց նախարարը:

Նալբանդեան նաեւ շեշտեց, որ վերջին տասնամեակին բազում ջանքեր գործադրուած են Հայաստանի կրթական եւ համալսարանական համակարգին մէջ ֆրանսերէնի ներկայութեան ամրապնդման պայմաններու ստեղծման եւ Հայաստանի մէջ ֆրանսախօս միջավայրի ձեւաւորման ուղղութեամբ, եւ այդ ջանքերուն լաւագոյն ապացոյցներէն է Հայաստանի մէջ Ֆրանսական համալսարանի արդիւնաւէտ գործունէութիւնը:

«Ամէն տարի ֆրանսերէնով հարիւրաւոր մշակութային, կրթական եւ համալսարանական ձեռնարկներ կը կազմակերպուին Երեւանի եւ Հայաստանի շրջաններուն մէջ: 2013 թուականի մարտ 19-ին սկսած ֆրանսախօսութեան նուիրուած ձեռնարկներու շրջանակներուն մէջ նախատեսուած է` 410 ձեռնարկ, որ աննախադէպ էր իր ծաւալով», աւելցուց նախարարը:

Հայաստան աշխուժօրէն կը մասնակցի Ֆրանսախօսութեան խորհրդարանական վեհաժողովի աշխատանքներուն, 2011-ին Երեւանի մէջ կայացաւ Ֆրանսախօս քաղաքապետերու միջազգային ընկերակցութեան գլխաւոր վեհաժողովը, այս տարուան հոկտեմբերին Վալանսի մէջ կայանալիք հայ-ֆրանսական ապակեդրոնացուած համագործակցութեան երրորդ համաժողովը պիտի նախանշէ հետագայ կատարելիքները եւ առաւել պիտի ամրապնդէ այդ ոլորտին մէջ գործընկերային համագործակցութիւնը:

«Հայաստանը իր նպաստը պիտի բերէ միջազգային ասպարէզին մէջ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան հեղինակութեան եւ դերակատարութեան բարձրացման, կազմակերպութեան առաւել ներգրաւուածութեանը միջազգային գործընթացներու մէջ», շեշտեց նախարարը:

Նշենք, որ համաժողովի բացման հանդիսութեան ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ Ֆրանսական համալսարանի նախագահ Ժան-Ժաք Մոնթուան եւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Հանրի Ռենոն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES