Հաղորդագրութիւն ՀՄԸՄ-ի Միջվարչական Դիւաններու 8-րդ Խորհրդաժողովի
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ, շրջաններու միջվարչական դիւաններու 8-րդ խորհրդաժողովը տեղի ունեցաւ 29, 30 եւ 31 մարտ 2013-ին` Նիկոսիա, Կիպրոս:
Խորհրդաժողովին` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կողքին կը մասնակցէին ՀՄԸՄ-ի 7 շրջանային եւ 6 մեկուսի շրջաններէն 40 վարչական քոյրեր եւ եղբայրներ:
Խորհրդաժողովը նախ եւ առաջ լսեց շրջաններու իրավիճակին, գործունէութեան եւ դժուարութեանց մասին զեկուցումներ: Ապա Կեդրոնական վարչութիւնը իր քառամեայ ծրագիրին հիմամբ ներկայացուց կատարուած աշխատանքները եւ իրագործումները, ինչպէս նաեւ փոխանցեց յառաջիկայի իր ծրագիրներուն առնչուող մանրամասնութիւնները:
Ռազմավարական ծրագրաւորումի գործադրութեան ծիրին մէջ ներկայացուեցան մանրամասնութիւններն ու հանգրուանները, դիմագրաւուած դժուարութիւնները եւ յառաջիկային զանոնք կանխարգիլելու համար նկատի առնուած քայլերը: Շեշտուեցաւ շրջաններուն միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը` ապագայի աշխատանքներու իրականացման համար:
Սկաուտական աշխատանքներու մարզին մէջ Կեդրոնական վարչութիւնը ներկայացուց իրագործելի ծրագիրները, Միջցամաքամասային խմբապետական վերաորակաւորման դասընթացքներու մանրամասնութիւնները, «Արարատեան կարգ»-ի մասնակցութեան վերանայուած պայմանները, 2014-ի ամրան իրագործելի ՀամաՀՄԸՄ-ական 10-րդ բանակումին առնչուող մանրամասնութիւնները, գիրքերը վերամշակելու եւ կայքէջին վրայ տեղադրելու ծրագիրները:
Մարզական բնագաւառին գծով Կեդրոնական վարչութիւնը ներկայացուց մարզական յանձնախումբին պատրաստած 2013-ի ամրան Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք ՀամաՀՄԸՄ-ական 9-րդ մարզախաղերու ամբողջական ծրագիրները եւ յայտագիրներու ընթացքը, ինչպէս նաեւ բացման հանդիսութեան, յայտագիրին, դաստիարակչական բաժինին եւ այցելութիւններուն առնչուող մանրամասնութիւններ:
«Մարզիկ» պաշտօնաթերթին առնչութեամբ կատարուեցան դժուարութեանց մատնանշումներ եւ զանոնք հարթելու կարելիութիւններուն մասին խօսուեցաւ: Փոխանցուեցան նաեւ գաղափարներ ու կարծիքներ` շրջանները աւելի ներգործօն դարձնելու թերթին տարածման աշխատանքին մէջ:
Արծարծուեցան ՀՄԸՄ-ի 95-ամեակի տօնակատարութիւնը միացեալ թուականով տօնակատարելու ծրագիրի մանրամասնութիւնները: Փոխանցուեցան անհրաժեշտ թելադրանքներ եւ կատարուեցան առաջարկներ:
Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ուղղութեամբ փոխանցուեցաւ 100-ամեակի Կեդրոնական յանձնախումբին մէջ ՀՄԸՄ-ի կեդրոնական վարչութիւնը ներառելու որոշումը` յանձինս ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանին: Ներկայացուեցան առաջարկներ ՀՄԸՄ-ի առնչուող ոգեկոչման պատշաճ ձեւերուն մասին:
Վարչական դիւանակալական աշխատանքները աւելի զարգացնելու դիտաւորութեամբ, Կեդրոնական վարչութիւնը` հիմնուելով ժողովական կանոններու հասկացողութեան վրայ, տուաւ ուղղութիւններ եւ ցուցմունքներ, փոխանցեց թելադրութիւններ ընդհանրապէս փոխյարաբերութեանց մարզերու մէջ, ապա կատարեց լուսաբանութիւններ` ընդհանուր կանոնագրութեան որոշ յօդուածներու շուրջ:
Ժողովականները յուզումով ունկնդրեցին ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան առաքած սրտի խօսքը եւ միաձայնութեամբ որոշեցին սատար հանդիսանալ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ շրջանին, նիւթապէս եւ բարոյապէս:
Խորհրդաժողովը իր շնորհակալական խօսքը ուղղեց ՀՄԸՄ-ՀԵՄ Կիպրոսի Մեկուսի վարչութեան, որ առաւելագոյն չափով ջանք չէր խնայած լաւագոյնս կազմակերպելու ժողովին առնչուած բոլոր մանրամասնութիւնները, հակառակ երկրին մէջ տիրող տնտեսական վերջին իրադարձութիւններուն:
Խորհրդաժողովին մասնակիցները համոզումով մեկնեցան` հաստատ եւ ամրակուռ քայլերով շարունակելու ՀՄԸՄ-ի անվերջ ու կազմակերպուած աշխատանքները, միշտ հաւատարիմ մնալով միութեան նշանաբանին` «Բարձրացի՛ր-բարձրացո՛ւր»-ին:
ՀՄԸՄ-Ի
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

