Ս. Զատկուան Առիթով Այցելութիւն` Ազգային Ծերանոց

Ս. Զատկուան տօնին առիթով Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան երիտասարդական կեդրոնի աշակերտները այցելեցին Հայ ազգային ծերանոց, որպէսզի տօնական օրերուն ուրախութիւն փոխանցեն նաեւ այդ կեդրոնին մէջ պատսպարուած ծերերուն:

Աշակերտները այս առիթով պատրաստած էին յատուկ գեղարուեստական յայտագիր մը, զոր ներկայացուցին ծերունի մամիկներուն ու պապիկներուն, որոնք ուրախութեան ու յուզումի արտայայտութիւններով, նաեւ ծափերով ողջունեցին երիտասարդներն ու անոնց նախաձեռնութիւնը տօնական օրերուն զիրենք եւս յիշելու: Աշակերտները իրենց հետ տարած էին զատկուան չէօրեկ, տուրմ եւ այլ խմորեղէններ պարունակող ծրարներ, որոնք մէկիկ մէկիկ յանձնեցին իւրաքանչիւր ծերունիի, զրուցեցին անոնց հետ, շնորհաւորեցին անոնց Ս. Զատիկը` մաղթելով առողջութիւն եւ համբերութիւն:

Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ աշակերտներուն ընկերակցող Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ, երիտասարդական կեդրոնի պատասխանատու Նելլի Վեքիլեան, որ անդրադարձաւ մեր իրականութեան մէջ ծերերու ներկայութեան կարեւորութեան, անոնց աղօթքներուն եւ օրհնութիւններուն անհրաժեշտութեան: Ան խոստացաւ աւելի յաճախակի այցելել ծերունիներուն, որովհետեւ անոնք ապագայի սերունդներուն փոխանցելիք ունին, նաեւ երիտասարդները պէտք է իրազեկ ըլլան երէցները յարգելու եւ անոնց արժէքին գիտակցելու անհրաժեշտութեան: Այս առիթով Ն. Վեքիլեան շնորհաւորեց Հայ ազգային ծերանոցին մէջ պատսպարուածներն ու աշխատակազմը:

Share this Article
CATEGORIES