ՖԻՏԷ-ի Պաշտօնական Դասաւորման Մէջ. Արոնեան Կը Գտնուի Երկրորդ Դիրքին Վրայ

Իր լուրը քաղելով ՖԻՏԷ-ին պաշտօնական կայքէջէն` «Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան միջազգային նոր պաշտօնական դասաւորման մէջ բարձրացաւ 2-րդ դիրք` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 2809 կէտ:

Առաջին դիրքին վրայ կը շարունակէ մնալ Մակնիւս Քարլսըն (Նորվեկիա), որ ունի 2872 կէտ, իսկ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ ռուս Վլատիմիր Քրամնիք (2801 կէտ):

Լաւագոյն տասնեակին մէջ են նաեւ Թէյմուր Ռաճապով, Սերկէյ Քարժաքին, Վիշվանաթան Անանտ, Ֆապիանօ Քարուանա, Վեսիլին Թոփալով եւ Հիքարու Նաքամուրա:

Share this Article
CATEGORIES