Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Մութթահետ` 60-38

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի (կիսաւարտական) մրցումները սկսան երէկ, առաջինը` Մանարայի, իսկ երկրորդը` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:

ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Մութթահետ Թրիփոլի մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով` 60-38 արդիւնքով: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 10-9, 20-6, 17-13 եւ 13-10    արդիւնքով:

Երկու կազմերուն միջեւ երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 4 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, «Սաֆատի» համալիրին մէջ (Թրիփոլի):

Ինչ կը վերաբերի Ռիատի Պէյրութ – Անդրանիկ Պէյրութ մրցումին, անիկա աւարտեցաւ Ռիատիի յաղթանակով` 70-43 արդիւնքով:

Share this Article
CATEGORIES