Ճատրակ. Լիբանանի Տարիքային Ախոյեանութիւն. 8-10 Տարեկանէն Վար Դասակարգի Մրցումները Պիտի Աւարտին 6-7 Ապրիլին

Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը նախորդ շաբաթավերջին հաղորդեց, որ Լիբանանի ճատրակի տարիքային ախոյեանութեան 8 եւ 10 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումները պիտի կատարուին երկու օրերու վրայ, մինչ 12, 14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումները պիտի երկարին մինչեւ 13 եւ 14 ապրիլ:

Շաբաթ, 6 ապրիլին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-էն սկսեալ տեղի պիտի ունենան երկու հանգրուանի մրցումներ, իսկ կիրակի, 7 ապրիլին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենան մնացեալ չորս հանգրուանի մրցումները:

Ինչ կը վերաբերի մնացեալ դասակարգերու մրցումներուն, շաբաթ, 6 եւ շաբաթ, 13 ապրիլին տեղի պիտի ունենան մէկական մրցումներ, իսկ կիրակի, 7 եւ կիրակի, 14 ապրիլին` երկուքական մրցումներ (ընդամէնը` 6 հանգրուաններու մրցումներ):

Բոլոր մասնակցիլ փափաքողները պարտին շաբաթ, 6 ապրիլին, յետմիջօրէի ժամը ճիշդ 15:00-ին ներկայ գտնուիլ Ժամհուրի վարժարանը:

Նշենք, որ իւրաքանչիւր մրցումի տեւողութիւնն է 90 վայրկեան (իւրաքանչիւր խաղացողի համար), որմէ ետք կ՛աւելնայ 30 երկվայրկեան` իւրաքանչիւր շարժումի համար:

Ախոյեանութեան գլխաւոր իրաւարարն է Ժաք Պետրոսեան, որ իրեն օգնական պիտի ունենայ միջազգային եւ տեղացի իրաւարարներ:

Արձանագրութիւններուն համար պէտք է կապ հաստատել Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի անդամ Ալի Ժաուիշի հետ` հեռաձայնելով 03-300166 թիւին:

Մասնակցութեան սակ ճշդուած է 20 հազար լիբանանեան ոսկի:

Իւրաքանչիւր մասնակցող պէտք է իրեն հետ բերէ կա՛մ իր անձնաթուղթը, կա՛մ իխրաժ քայտը եւ կա՛մ ֆետերասիոնին կողմէ իր մօտ գտնուող անդամաքարտը (եթէ ունի):

Արձանագրութեան համար վերջին պայմանաժամ ճշդուած է հինգշաբթի, 4 ապրիլ, երեկոյեան ժամը 20:30-ը:

Share this Article
CATEGORIES