Կռփամարտիկ Նոել Գէոր Ժամանեց Հայաստան

PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ գերմանահայ կռփամարտիկ Նոել Գէոր (Նորայր Միքայէլեան) նախորդ շաբաթավերջին ժամանեց Հայաստան, ուր վերջին անգամ եղած էր 2001-ին:

Ան կռփամարտի արհեստավարժ ասպարէզով արդէն իսկ կը զբաղի 2 տարիէ ի վեր եւ ցարդ կատարած է 7 մենամարտ` 5-ին յաղթելով նաք-աութով:

22 տարեկան Գէոր թէեւ իրաւաբանի մասնագիտութիւն ալ պիտի ստանայ, սակայն համոզուած է, որ իր ապագան կռփամարտն է, որովհետեւ ան նպատակ ունի տիրանալու աշխարհի ախոյեանի ծանր կշիռի տիտղոսին:

Իր խօսքին մէջ ան ըսաւ. «Ես Երեւանէն Գերմանիա տեղափոխուեցայ, երբ 4 տարեկան էի: 12 տարեկանէն կը զբաղիմ այս մարզաձեւով: Իմ ամէն կարելիս պիտի ընեմ, որ յառաջիկային տպաւորիչ ներկայացումներ կատարեմ»:

Share this Article
CATEGORIES