Պաղեստինցիք Նեթանիահուի Կառավարութիւնը Պատասխանատու Կը Նկատեն Գերի Մայսարա Ապու Համտիէի Նահատակութեան Համար
Պաղեստինեան իշխանութեան մէջ պաղեստինցի գերիներու հարցով նախարար Իսա Քարաքեհ յայտնեց, որ Ֆաթհի անդամ Մայսարա Ապու Համտիէ «իսրայէլեան իշխանութիւններուն կողմէ բժշկական անտեսումին պատճառով քաղցկեղէ տառապելէ ետք» մահացած է:
Իսրայէլեան բանտերու վարչութիւնը հակադարձեց յայտնելով, որ Համտիէի հիւանդութիւնը ի յայտ եկած է այս տարուան փետրուարին եւ իսրայէլեան իշխանութիւնները կը պատրաստուէին զինք ազատ արձակելու, սակայն բանտարկեալը հոգին աւանդեց:
Քարաքեհ պահանջեց անմիջապէս մահուան հետաքննութեան համար միջազգային յանձնախումբ կազմել, որովհետեւ Համտիէի մահը «դիտաւորեալ բժշկական անտեսումի» արդիւնք է: Ան իսրայէլեան կառավարութիւնը պատասխանատու նկատեց այս «ոճիրին»:
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահի բանբեր Նեպիլ Ապու Ռուտէյնա իր կարգին Իսրայէլը պատասխանատու նկատեց Ապու Համտիէի մահուան համար եւ ըսաւ, որ «փորձեցինք իսրայէլացիները համոզել զայն ազատ արձակելու, որպէսզի բժշկական դարմանումի ենթարկուի, սակայն իսրայէլեան կառավարութիւնը մերժեց այդ մէկը, ինչ որ պատճառ դարձաւ անոր մահուան: Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահութիւնը Նեթանիահուի կառավարութիւնը պատասխանատու կը նկատէ գերի Մայսարա Ապու Համտիէի նահատակութեան համար»:
Համաս յայտարարեց, որ Ապու Համտիէի նահատակութիւնը Պաղեստինի մէջ կացութիւնը ամբողջովին պիտի շրջէ: Ըստ «Ռաշա Թուտէյ»-ի, երէկ հարաւային Իսրայէլի դէմ Կազայէն երեք հրթիռներ արձակուած են:
ԱՖՓ հաղորդեց, որ Գալիլիոյ մէջ 300 պաղեստինցի ցուցարարներ իսրայէլացի զինուորները քարկոծած են, իսկ վերջիններս հակադարձած են ռետինէ փամփուշտներ արձակելով եւ արցունքաբեր կազ օգտագործելով:

