Ուաշինկթըն Եգիպտոսի Մէջ Խօսքի Ազատութեան Սահմանափակումներու Աճէն Մտահոգ Է

Պասսամ Եուսեֆ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ Եգիպտոսի մէջ խօսքի ազատութեան սահմանափակումներու աճի ցուցանիշներուն, ինչպէս նաեւ իսլամութիւնը աղարտելու եւ նախագահ Մոհամետ Մուրսին վարկաբեկելու ամբաստանութեամբ դատական հայցերու նկատմամբ մտահոգութիւն յայտնեց:

Մեկնաբանելով երգիծական յայտագիրի մը խօսնակ Պասսամ Եուսեֆի դէմ իսլամութիւնը աղարտելու եւ Մուրսին վարկաբեկելու ամբաստանութեամբ դատական հայցի յարուցումը` Նուլընտ ըսաւ, որ «այդ հարցը, ինչպէս նաեւ այլ քաղաքական գործիչներու դէմ ձերբակալման գիրերը խօսքի ազատութեան դէմ սահմանափակումներու աճի նեղացուցիչ ալիքի փաստեր են»:

Ան նշեց, որ «Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Եգիպտոս իր այցելութեան ընթացքին անդրադարձաւ այս հարցին եւ նախագահ Մուրսիի հետ քննարկեց մտավախութիւնները մարդկային իրաւանց, ներառեալ` մամլոյ ազատութեան ոտնահարման նկատմամբ, եւ պիտի շարունակենք այդ մտավախութիւնները արծարծել»:

Նշենք, որ պետութեան ապահովութեան բարձրագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը հրամայեց եգիպտական «Սի.Պի.Սի.» արբանեակային կայանի վարչական խորհուրդի նախագահ եւ հաղորդավար Պասսամ Եուսեֆի դէմ Եգիպտոսի փաստաբաններու միութեան անդամ Աշրաֆ Նաժի Ժունտիի յարուցած «իրականութիւնները խեղաթիւրելու» ամբաստանութեամբ դատին հարցով հետաքննութիւն կատարել:

 

Share this Article
CATEGORIES