«Երբ Սուրիոյ Պատերազմը Մեր Շահերուն Վնասէ, Պիտի Հակադարձենք» Կ՛ըսէ Եաալոն

Մոշէ Եաալոն

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոն երէկ Կոլանի բռնագրաւեալ բարձունքներ կատարուած շրջապտոյտի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Իսրայէլ պիտի հակադարձէ Սուրիոյ մէջ ընթացող բախումներուն պատճառով իր շահերուն հասած որեւէ վնասի: Ան զգուշացուց, որ զէնքերու Հըզպալլային ձեռքը անցնիլը Իսրայէլի համար վտանգ մըն է: «Երբ (Սուրիոյ) պատերազմը մեր շահերուն վտանգէ, պիտի հակադարձենք», ըսաւ ան:

Եաալոն անդրադարձաւ Սուրիայէն Հըզպալլային զէնք, ներառեալ` հակաօդային եւ քիմիական զէնք փոխադրելու կարելիութեան եւ յայտնեց, որ «սուրիական կողմէն սպառնալիքը կրնայ ըլլալ մեզ վտանգող զէնքերու Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի նման անպատասխանատու կողմերու կամ Սուրիոյ մէջ գործող ահաբեկչական կազմակերպութեանց փոխանցման ճամբով: Անոնց դէմ գործած ենք եւ պիտի գործենք»:

Սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ահմետ Մաազ Խաթիպ «Տուպայ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին պատրաստակամութիւն յայտնեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ պատկերասփիւռէն ուղղակի սփռուած բանավէճ մը ունենալու:

Ան յայտնեց, որ «իրենց ձեռքերը արիւնով ներկուածներու հետ պիտի չբանակցինք», սակայն պատրաստակամութիւն յայտնեց, եթէ փափաք գոյութիւն ունի, Ասատի հետ պատկերասփիւռի պաստառներու ճամբով բանակցելու, որպէսզի «զայն ամբողջ սուրիացի ժողովուրդը տեսնէ»` համոզում յայտնելով, որ «ընդդիմութեան մէջ շատեր այս ուղղուածութիւնը պիտի չընդունին»:

Ինչ կը վերաբերի Ասատին երկրէն ապահով ելք տրամադրելու հարցին, ան ըսաւ, որ «այդ հարցը իմ անձնական կեցուածքէս կախեալ չէ, այլ այդ մէկը որոշում մըն է, զոր սուրիական հասարակութիւնը կ՛որդեգրէ»:

Խաթիպ ըսաւ, որ «քաղաքական լուծումը մերժելի հարց մը չէ, սակայն կարելի է միայն այն պարագային, եթէ ատոր նպատակը վարչակարգը փրկել չէ»:

Ըստ Լոնտոնի մէջ հաստատուած Մարդու իրաւունքներու հսկողութեան սուրիական կեդրոնին, մարտ ամսուան ընթացքին Սուրիոյ մէջ 6005 զոհ արձանագրուած է, ինչ որ ներկայ տագնապին սկիզբէն ի վեր մէկ ամսուան մէջ արձանագրուած զոհերու բարձրագոյն թիւն է:

Share this Article
CATEGORIES