«Թուրքիոյ Հետ Հաշտութիւնը Իսրայէլեան Շահերուն Կը Ծառայէ» Կ՛ըսէ Իսրայէլի Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը
Իսրայէլի արտաքին գործոց փոխնախարար Զիիվ Էլքին բացառեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի` Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին ներում հայցելէն ետք թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւնները իրենց նախկին մակարդակին վերադառնան:
Էլքին Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ «այդ մէկը թրքական «Մարմարա» նաւու դէպքին հետ կապ չունի, այլ` Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի աշխարհաքաղաքական ձգտումներուն հետ»:
Ան վստահեցուց, որ «Թուրքիոյ հետ հաշտութիւնը Սուրիոյ տագնապին, իրանեան հիւլէական թղթածրարի հարցին եւ Իսրայէլի ու ՕԹԱՆ-ի համագործակցութեան կարեւորութեան պատճառով իսրայէլեան շահերուն կը ծառայէ»:
Էլքին շեշտեց, որ թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններու բարելաւումը իսրայէլեան նոր կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն է, եւ երկու կողմերը յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի քննարկեն «Մաւի Մարմարա»-ի վրայ սպաննուած թուրք գործիչներու ընտանիքներուն հատուցման հարցը:


