Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի շնորհաւորեց Համասի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Խալետ Մաշաալը` անոր վերընտրութեան առիթով եւ ընդգծեց, որ առաջնահերթութիւնը պաղեստինեան ներքին միասնականութեան ամրապնդումն է, որովհետեւ անիկա միակ զէնքն է` դիմադրելու թշնամիին եւ իրականացնելու անկախ Պաղեստինի երազը:

ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ անկախ անձնաւորութիւնները յայտնեցին, որ իրենք Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն հետ պիտի համադրեն իրենց քայլերը` յաջորդ վարչապետին անուան շուրջ որոշումի մը յանգելու նպատակով:

ՊՈՒՍԹՐՈՍ պալատին մէջ հրաժարեալ նախարարներ Ատնան Մանսուր եւ Հասսան Տիապ երէկ քննարկեցին արտաքին գործոց եւ կրթութեան նախարարութիւններուն վերաբերող հարցեր:

ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ կառավարութեան պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն այցելեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի, որուն փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները Ս. Զատկուան տօնին առիթով: Քննարկուեցան Լիբանանի ապահովական իրավիճակին վերաբերող հարցեր:

ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ կառավարութեան պետական նախարար Ահմետ Քարամէ յայտնեց, որ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երեսփոխանական ընտրութիւններ կազմակերպող կառավարութեան մը պիտի չնախագահէ: Ան կոչ ուղղեց կազմելու ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Տերեք Փլամպլիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ընդհանուր ապահովութեան կառոյցին եւ ՄԱԿ-ի միջեւ գործակցութեան ընթացքը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն յետաձգել խորհրդարանի գործունէութեան նստաշրջանը, ինչպէս նաեւ կը մերժեն անիշխանութիւնը: Ան կոչ ուղղեց կայացնելու խորհրդարանի լիագումար նիստ մը եւ քուէարկելու ի նպաստ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ աւագ քննիչ դատախազ Ղասսան Օուէյտաթ հարցաքննելէ ետք Պասթա Թահթայի եւ Շայահի մէջ Տար Ֆաթուայի երկու շէյխերուն դէմ յարձակած եօթը կասկածելիները, հրահանգեց բանտարկել զանոնք:

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ վերադատ ատեանի նախագահ, դատաւոր Ալիս Շապթինի երէկ արտօնեց Արսալի մէջ բանակին դէմ յարձակում գործելու յանցանքով ամբաստանուած Նաուֆալ Հուժէյրիի ազատ արձակումը` մէկ միլիոն լ. ոսկիի երաշխաւորագինով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ Ազգային ազատ հոսանքի կապերը չեն խզուած` աւելցնելով, որ վարչապետի նշանակման առումով երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն մասնակցութիւնը հաւանական է:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ հմուտ քաղաքագէտէ` աւելցնելով, որ իրենք չեն փափաքիր Ժոմպլաթի հետ բանավէճ ունենալ, այլ` կ՛ուզեն վաւերացնել ընտրական նոր օրէնք մը եւ կազմել նոր կառավարութիւն մը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Սէուտական Արաբիա որոշած է ստանձնել Լիբանանի հոգատարութեան պաշտօնը, որ նախապէս ստանձնուած էր Սուրիոյ կողմէ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ղազի Զաայթեր յայտնեց, որ ցարդ չկայ ընտրական յստակ օրէնք մը, որուն հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մեր թեկնածութիւնը առաջադրենք:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ կոչ ուղղեց կազմելու չէզոք կառավարութիւն մը, որ կազմակերպէ եւ գործադրէ երեսփոխանական ընտրութիւնները:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիր Ս. Զատկուան տօնի արձակուրդին աւարտէն ետք Սայտայի մէջ քայլերու պիտի դիմէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը քաղաքական կառավարութիւն կը պահանջեն, որովհետեւ անոնք կը մերժեն երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր շեշտեց երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը չէզոք կառավարութիւն մը կը պահանջեն, որովհետեւ երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կ՛ուզեն կատարել:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մոհամետ Քապպարա յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ Հըզպալլան եւ Սուրիոյ դաշնակից կողմերն են, որոնք զէնք ունին:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապը Լիբանան փոխադրելու ժամկէտը արտաքին ուժեր կ՛որոշեն:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, մեծ ճիգեր ի գործ կը դրուին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ հանդիպում մը կայացնելու նպատակով:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ անկարելի է վերադառնալ 1960-ի ընտրական օրէնքին` աւելցնելով, որ իրենք կը պահանջեն քրիստոնեայ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES