Իր Քաղաքացիները Լիբանան Ուղղուելէ Զգուշացնելու Ամերիկեան Կոչերը` Ռութին Գործառնութիւն

Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատուեցաւ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ հրապարակուած զգուշացումը, որպէսզի ամերիկացի քաղաքացիները Լիբանան չուղղուին, ռութին գործառնութիւն մըն է, որ կը կատարուի վեց ամիսը անգամ մը:

Դեսպանատունը շեշտեց, որ լիբանանեան մամուլին կողմէ այս զգուշացումը ներկայացուած է շատ լայն տարողութեամբ եւ իրականութեան մէջ հարցը այդքան լուրջ չէ:

Նշենք, որ երէկ Միացեալ Նահանգներ դարձեալ կոչ ուղղած էին իրենց քաղաքացիներուն Լիբանան ուղղուելէ զգուշանալու, իսկ Լիբանանի մէջ գործող իրենց քաղաքացիներուն խորհուրդ տուած էին նախազգուշութիւններու դիմելու:

Share this Article
CATEGORIES