Զօր. Աուն Ընդունեց Ֆրանսայի Դեսպանը

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Փաուլի շեշտեց, որ իր պարտականութիւնն է իմանալ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն տեսակէտները եւ մաղթեց, որ Լիբանանը վկայէ նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը` նկատի ունենալով կառավարութեան հրաժարած ըլլալու իրականութիւնը:

Փաուլի շեշտեց երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES