Շէյխ Ռաֆիյի` Կրակոցի Թիրախ

Թաքուա մզկիթի իմամ շէյխ Սալեմ Ռաֆիյի երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին  յայտնեց, որ նախանցեալ երեկոյեան ինք թիրախ դարձած է կրակոցի մը, երբ մզկիթին մէջ կը գտնուէր` նկատել տալով, որ այդ փամփուշտը ուղղուած է մզկիթին եւ ոչ թէ իրեն:

Շէյխ Ռաֆիյի յայտնեց, որ ինք Ժապալ Մըհսենի բնակիչները չ՛ամբաստաներ իրեն դէմ կրակելու յանցանքով եւ այդ իմաստով ալ ոչ ոք պատասխանատու կը նկատէ:

«Սակայն այս միջադէպը առաջինը չէ, որ կը պատահի Թաքուա մզկիթին դէմ: Ամիս մը առաջ մզկիթին մոազզենը կրակոցի թիրախ դարձած էր, սակայն փորձած էինք լուռ մնալ` այդ մասին տակնուվրայ կացութիւն չստեղծելու միտումով, սակայն նկատի ունենալով ապահովական այս միջադէպերուն յաջորդականութիւնը, մենք կը շեշտենք, որ եթէ այս արարքները կը միտին մեր եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ սադրանքներ հրահրել, ապա մենք կը հաստատենք, որ յանձնառու ենք քաղաքացիական անվտանգութեան», ըսաւ շէյխ Ռաֆիյի:

Ան աւելցուց, որ երկու շաբաթ առաջ  Նահատակաց հրապարակէն Թրիփոլի վերադառնալու ընթացքին իր շքախումբին դէմ յարձակում գործուած է եւ այդ մասին եւս լուռ մնացած է: «Մենք նախանձախնդիր ենք քաղաքացիական անվտանգութեան, սակայն անիկա չի նշանակեր, որ մենք մեր կամ կրօնաւորներուն արժանապատուութիւնը ոտնակոխ պիտի ընենք», ըսաւ շէյխ Ռաֆիյի:

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի խստիւ դատապարտեց շէյխ Ռաֆիյիի դէմ արձակուած կրակոցը` աւելցնելով, որ այդ արարքը կը միտի Թրիփոլին դէպի գրգռութիւն առաջնորդել:

 

Share this Article
CATEGORIES