Մուսթաքպալ Կոչ Կ՛ուղղէ Կազմելու Չէզոք Կառավարութիւն Մը

Մուսթաքպալի երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ նախկին վարչապետ, Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորայի:

Նիստէն ետք յայտարարուեցաւ, որ Մուսթաքպալ կոչ կ՛ուղղէ կազմելու չէզոք կառավարութիւն մը, որուն անդամները ըլլան այնպիսի անձնաւորութիւններ, որոնք յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւններուն իրենց թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրեն:

Մուսթաքպալ պլոքը շեշտեց նաեւ, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հրաժարականով երկրին մէջ ապահովական կայունութիւն տիրած է:

Մուսթաքպալ պլոքը անհրաժեշտ նկատեց, որ վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները կատարուին հանրապետութեան նախագահին ճշդած թուականներուն ընթացքին եւ վերահաստատեց դատապարտումը Լիբանանի մէջ գործադրուող ամէն տեսակի առեւանգումի:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES